Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իսկական Հրաշք

Սիրելի՛ Յակոբ,

Ինչպէս որ շատերուն համար 2013-ը եղաւ անյաջող եւ վատ տարի մը, մեզի համար ալ եղաւ նոյնը:

Եօթներորդ ամսուան 8-րդ օրը վախը պատեց զիս, երբ իմացայ, որ համալսարանի ճամբուդ վրայ ահեղ արկածի մը ենթարկուած ես: Շուտով փութացի այն հիւանդանոցը, ուր փոխադրած էին քեզ: Երբ դուրս հանեցին քեզ վիրահատութեան սենեակէն, արդէն վիրաբուժութեամբ հանած էին փայծաղդ` առաջքը առնելու յաւելեալ արիւնահոսութեան: Վախի ու սարսափի պահեր ապրեցանք ընտանիքի անդամներով: Ամէն կողմէ վախով լեցուն խօսքեր կը լսեմ: Անոնք գրեթէ կը խեղդեն միակ ձայնը, որ արմատականօրէն տարբեր խօսք կ՛ըսէ. «Մի՛ վախնար»:

Մօտ կէս ժամ վերջ աչքերդ բացիր եւ հօրդ հետ խօսեցար. իսկոյն ծնրադրեցի, ձեռքերս բարձրացուցի եւ փառք տուի հաւատարիմ Աստուծոյս, որ մեզի կը լսէ ու կը գթայ: Նման ժամանակներու, մխիթարական կը գտնենք Անգէի պատգամը` յիշելով, որ երկինքը եւ երկիրը ստեղծող Տէրը միշտ մեզի մօտ է եւ խոստացած է մեզ բնաւ չլքել: Իւրաքանչիւր պայքարի ընթացքին, կրնանք Տիրոջ ապաւինիլ եւ մեր հոգիներուն խաղաղութիւնը գտնել:

Ու այսպէս, սիրելի՛ Յակոբ, քեզ փոխադրեցին յատուկ հոգածութեան բաժին եւ մեզի արտօնուեցաւ օրական կէս ժամ առտու եւ կէս ժամ երեկոյեան այցելել քեզի: Մնացեալ ժամերը կ՛անցընէինք հիւանդանոցին մատուռին մէջ միշտ աղօթքով ու աղաչանքով, որ Տէրը գթայ քեզի եւ բժշկէ:

Երբ կեանքի փոթորիկներու մէջէն կ՛անցնինք եւ չենք կրնար ապագան տեսնել, երբ չենք կրնար ելք մը տեսնել, կրնանք վստահիլ մեր գիտցած ճշմարտութեան, որ Աստուած մեզի հետ է: Աստուած կը լսէ մեր աղօթքները, կը տեսնէ մեր արցունքները եւ կ՛ուզէ մեզ առաջնորդել:

Մենք չենք կրնար ապագան տեսնել, բայց կրնանք Աստուծոյ խօսքին առաջնորդութեան վստահիլ:

Արկածին չորրորդ օրը որոշուած էր ողնայարդ վիրաբուժութեան ենթարկել եւ շտկել կտրտուած ոսկորները: Սակայն այդ օրը չդիմացար գործողութեան: Յաջորդ օրը յաջողեցան իրականացնել ատիկա, որ տեւեց տասը երկար ժամեր: Բժիշկները ըսին` գործողութիւնը «հարիւր առ հարիւր» յաջող է, սակայն յոյս չունէին, որ ապագային պիտի կարենայիր քալել: Այսպէս իրարու յաջորդեցին վհատութեան դժուարին օրեր ու ամիսներ:

Տեսակաւոր խողովակներ քիթէդ-բերնէդ, շնչառական մեքենաներ եւ ինչ-ինչ գործիքներ դարձած էին անբաժան մասնիկը ծանր վիճակիդ, անոնց մասին լուր իսկ չունէիր, քանի բժիշկները քնացուցած էին քեզ: Սակայն հակառակ անյոյս վիճակիդ, մենք շարունակեցինք աղօթել գիշեր ու ցերեկ, ձեռք-ձեռքի բռնած շուրջդ, նաեւ աղօթողներու հսկայ բանակ մը կար քեզի համար: Յիշեցի Աստուածաշունչէն Սաղմ. 34,7 համարը, որ կ՛ըսէ. «Տիրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ՛ազատէ»: Ս. Հոգին յիշեցուց ինծի ըսելով` «Քաջասիրտ եղի՛ր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»: Սաղմոսերգուին նման ես ալ կ՛ըսեմ. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ» (Սաղմ. 16,8) նաեւ` «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու» (Սաղմ. 46,1): Թուղթ Յակոբայ 5,15-ը` կ՛ըսէ. «Հաւատքով  եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զայն ոտքի պիտի հանէ: Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է պիտի ներուի անոր»: Դաւիթ թագաւորի յաղթանակի երգին խօսքերը եղաւ Տիրոջ. «Իմ նեղութեանս մէջ Տիրոջը կանչեցի ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի, որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ» (Բ. Թագ. 22,7):

Թոքերուդ բարդ հարցը երկար տեւեց, մինչեւ որ կիրակի օր մը դուրսէն բերինք թոքի մասնագէտ բժիշկ մը, որուն ցուցմունքներով օրէ-օր բարելաւուեցաւ վիճակդ, եւ ո՜վ հրաշք, պատահեցաւ անսպասելին: Ո՜վ Աստուած, թէկուզ կացութիւն մը անյոյս թուի, դուն յաւերժական կարելիութիւններուն Աստուածն ես: Տիրոջը խօսքը եղաւ Պօղոս առաքեալին. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասնզի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի» (Բ. Կորնթ. 12,9):

Վասնզի Տէրը Մովսէսին կ՛ըսէ. «Որուն, որ պիտի ողորմիմ` կ՛ողորմիմ ու որուն վրայ, որ պիտի գթամ` կը գթամ»: Ուրեմն մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ` որ կ՛ողորմի: Ուստի որո՛ւ որ ուզէ` կ՛ողորմի եւ որը ուզէ` կը խստացնէ (Հռովմ. 9-15, 16, 18):

Այս կացութենէն ետք օր մը ծարաւցար եւ անօթեցար: Ասիկա ի՜նչ յոյս եւ քաջութիւն ներշնչեց մեզի: Սկսանք քիչ-քիչ ջուր տալ քեզի եւ հեղուկ ճաշատեսակներ խմցնել: Ու այս երկար ամիսներու սպասումէն ետք քեզ սովորական սենեակ փոխադրեցին, հակառակ անոր, որ ունեցար տագնապալի եւ շտապ օգնութեան  պահեր եւ օրեր: Պօղոս առաքեալի խօսքը կ՛ըսէ. «Սակայն գիտենք, թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ՛ըլլան անոնց, որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են» (Հռովմ. 8,28): Հիացած ենք տեսնելով մեր աղօթքներուն գործած զօրութիւնը: Երանի՜ այն ամէնուն, որոնք Անոր կը յուսան: Ս. գիրքին մէջ ալ անկարելի թուացող քաջագործութիւններ նկարագրուած են: Եզեկիէլ մարգարէն իր առաքելութիւնը սկսաւ Բաբելոն աքսորուած հրեաներուն մէջ Ք. Ա. 7-րդ դարուն: Մեզի նման, այդ հին ժողովուրդն ալ առանց յոյսի չէր ապրած: Անոնք համարձակած էին հաւատալ անկարելի թուացածին: Եզեկիէլ քաջալերեց նման յոյս մը` նկարագրելով չորցած ոսկորներու ձորը, որ հրաշքով կենդանացաւ: Աստուծոյ քով անկարելի բան չկայ, ոչ անցեալին, ոչ ալ ներկայ ընկերութեան ու մեր անձնական կեանքին մէջ: Արդ, սիրելի՛ Յակոբ, Յիսուսի Անունով կը վկայեմ քաջաբար, որ Տէրը իր զօրաւոր բազուկով քեզ մահէն կեանքի առաջնորդեց: Տեղին է յիշել սոյն Սաղմոսը, որ կ՛ըսէ. «Իմ սուգս պարի փոխեցիր, փորձս ինձմէ հանեցիր եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր, որպէսզի իմ փառքս Սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ: Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ» (Սաղմ. 30, 11-12):

Չորս ամիսներու երկարատեւ չարչարանքներէ ետք, երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերին Տիրոջը հրամանով եւ կամքով Պհաննէս ելար եւ նոր կեանքի կանչուեցար: Տիրոջը խօսքը` որ Եսայի մարգարէն մարգարէացաւ ըսելով. միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր, թէ յաւիտենական Աստուածը` երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի յոգնիր ու չի թուլնար, Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր: Անիկա է յոգնածին ուժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը: Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան, բայց Տիրոջը ապաւինողներուն ուժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին (Եսայ. 40, 28, 29, 30, 31):

Սիրելի՛ Հայր, շնորհակալ ենք սիրոյ եւ ուրախութեան օրհնութիւններուդ համար. աւելցուր մեր հաւատքը եւ օրհնէ մեր ձեռքերուն գործերը, որպէսզի կարենանք քու լոյսդ եւ աղդ ըլլալ այս աշխարհին մէջ: Օգնէ, որ զանոնք յաջորդող սերունդներուն փոխանցենք եւ երկնային զօրքերուն միացած` օրհնութիւն եւ փառք կ՛ընծայենք Քեզի, Հօրդ եւ Ս. Հոգիին հետ միասին այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից Ամէն:

Հօրաքոյրդ`
ԼՈՐԱ ՀԱՃԱՔԵԱՆ-ՊԱՂՉԷՃԵԱՆ

26-3-2014
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES