Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերը Պարտուեցան
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Լեռնալիբանանի նահանգին, 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ահլի Սարպայէն, Ահտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ, որ Նըժմէի դաշտին վրայ ճակատեցաւ Անսարի դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
CATEGORIES Մարզական

