Եուրօ-2016. Բացման Եւ Աւարտականի Մրցումները` «Սթատ Տը Ֆրանս»-ի Մէջ
Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2016-ի ախոյեանութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ մրցաշարքին յայտագիրը:
Խմբային հանգրուանի բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան երեք տարբեր դաշտերու վրայ: Այսպիսով, իւրաքանչիւր քաղաք առիթը պիտի ունենայ տեսնելու 6 հաւաքական:
Մրցումները պիտի սկսին ժամը 15:00-ին, 18:00-ին եւ 21:00-ին` Ֆրանսայի ժամանակացոյցով:
Իւրաքանչիւր քաղաք պիտի հիւրընկալէ նուազագոյնը 4 մրցում: 7 մրցումներ, որոնց կարգին պիտի ըլլան բացման եւ աւարտական մրցումները, տեղի պիտի ունենան «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մէջ: Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ, իսկ քառորդ աւարտականի հանդիպումները` Լիլի, Պորտոյի, Մարսէյի եւ Փարիզի մէջ:
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ առաջինը, որուն պիտի մասնակցին 24 հաւաքականներ:
Նշենք, որ Հայաստան, որ պիտի մասնակցի Եուրօ-2016-ի մրցաշարքին, զտումի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փորթուգալը, Դանիան, Սերպիան եւ Ալպանիան (Թ. խմբակ):

