Տեղի Ունեցաւ «Համաձուլման Ճամբէքով» Խորագիրը Կրող Համագումարը
28 ապրիլին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Համաձուլման ճամբէքով» խորագիրը կրող համագումարը, որ կազմակերպուած էր «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող խորհուրդ»-ին կողմէ:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր քննարկումներ կատարել եւ անոնց հիման վրայ ծրագիրներ առաջարկել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սուրիահայերու համարկումի հոլովոյթը արդիւնաւէտ դարձնելու ուղղութեամբ:
Համագումարին մասնակցեցան տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ, պետական այրեր, գիտնականներ, գործարարներ եւ հիւրեր: Համագումարին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեամբ մշակուած պետական այն քաղաքականութիւնը, որուն նպատակը եղած է Հայաստանի մէջ սուրիահայերու տեղաւորումը եւ Հայաստանի հասարակութեան հետ համարկումը:
Խօսք առաւ նաեւ «Փիւնիկ» հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան, որ կարեւոր նկատեց «Համաձուլման ճամբէքով» համագումարին աշխատանքները` նշելով, որ պէտք է աշխատիլ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու համարկումի, աշխատանքի հայթայթման, բնակարանաշինութեան եւ այլ խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ:
Համագումարին հանդէս եկաւ նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Քրիսթոֆ Պիերվիրթ, որ ներկայացուց գրասենեակի աշխատանքներուն մասին զեկուցում մը:

