Կացութիւնը Հալէպի Մէջ. Հին Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումներու Պատճառով Քաղաքը Ուժգնօրէն Ցնցուեցաւ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, Հալէպ ցնցուեցաւ քանի մը ուժգին պայթումներու պատճառով, որոնք կեդրոնացած էին Հին Հալէպի շրջաններուն` Աքապէ եւ Սապաա Պահրաթ: Պէտք է ըսել, որ վերջին պայթումին թիրախը Հալէպ քաղաքի կեդրոնը` Սապաա Պահրաթ շրջանին մէջ գտնուող արդիւնաբերութեան պալատն էր. այս պայթումը ամէնէն ահաւորն էր` շէնքը ամբողջութեամբ հիմնայատակ եղաւ, հարուածը ցնցեց նոյնիսկ հայահոծ թաղամասերը, քանի որ երկրաշարժի զօրեղ ուժգնութեան նման էր: Պայթումներու թիրախներուն շարքին էր ելեկտրականութեան փոխարկիչ կեդրոն մը, որ նոյնպէս ամբողջութեամբ քանդուեցաւ:
Զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ ականներու պայթումներուն յաջորդեցին սուրիական բանակի եւ այդ խմբաւորումներու միջեւ երկար ժամեր տեւած բախումներ: Բախումներուն պատճառով տասնեակ մը զինեալներ սպաննուեցան:
Սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, ինչպէս նաեւ կը փորձէ կասեցնել անոնց ներթափանցումը դէպի կառավարամէտ շրջաններ:
Միւս կողմէ, զինեալ խմբաւորումներ շարունակեցին տասնեակներով հրասանդի հրթիռներ եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններուն վրայ, ինչպէս` Ժիտէյտիէ, Զահրաու Շուկան, Պութան Գըլափ, Պարոն պանդոկի թաղամասը, Մունշիէ, Պապ Ֆարաժ եւ այլ շրջաններ:
Ռմբակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառով զոհուեցան մօտ 24 քաղաքացիներ եւ աւելի քան 52 հոգի վիրաւորուեցան: Արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ:
Նշենք, որ հայաբնակ շրջանները առայժմ զինուորական գործողութեանց դաշտ չէ:
Պատերազմական ծանր իրավիճակին առընթեր Հալէպ արդէն տասներորդ օրն ըլլալով զուրկ է ելեկտրական հոսանքէ:
Հալէպի Տարածքին Անջատուած Ելեկտրականութեան
Հոսանքը Քանի Մը Ժամով Կրկին Միացաւ
«Բերիոյ նիուզ» կը նշէ, որ երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2014-ին, ամբողջ Հալէպի ելեկտրականութեան հոսանքը գէթ քանի մը ժամով կրկին միացաւ:
11 օրէ ի վեր ամբողջ Հալէպի տարածքին անջատուած էր ելեկտրականութեան հոսանքը եւ քաղաքը մատնուած խաւարի:
Հալէպի մէջ պատերազմական իրավիճակի` պայթումներու, հրասանդերու եւ հրթիռարձակումի կողքին ամէնէն հրատապ տագնապներէն է ելեկտրականութեան հարցը:

