ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» Կորիզ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» կորիզին, կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ` Զահլէի Հայ կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, զորս նուագեց ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբը:
Կորիզին անունով բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Բալուլեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան հանգրուանները եւ անոր յաջորդած դէպքերը` հաստատելով, որ թէեւ այսօր Հայաստանը անկախացած է բայց տակաւին Հայ դատը իր վերջնական լուծումին չէ հասած եւ տակաւին ճամբան շատ երկար է հասնելու մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցումին: Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին պատրաստած տեսերիզը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Աւետիս Կիտանեան: Ան իր խօսքի առաջին բաժինով յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները տարին անգամ մը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելու առիթներ են, սակայն Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր առօրեային մէջ պէտք է մնայուն կերպով ներկայ ըլլայ:

Խաժակ Բալուլեան

Աւետիս Կիտանեան
Կիտանեան նշեց, որ 1915-էն մինչեւ այսօր հայութեան համար պահանջատիրութիւնը անցաւ տարբեր հանգրուաններէ` պահելով իր վախճանական նպատակը: Անիկա ունեցաւ արտայայտութեան եւ դրսեւորումի զանազան ձեւեր:
Կիտանեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան 100-ամեակի սեմին վերցնելու ջահը եւ շարունակելու երթը` անցնելու համար ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչումէն դէպի հատուցում: Ան նաեւ անդրադարձաւ 2013-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միացեալ դիմումին` եկեղեցական կալուածներու վերադարձին գծով: Ան շեշտը դրաւ նաեւ Հայ դատի հետապնդման մէջ երիտասարդութեան ունեցած հիմնական եւ կարեւորագոյն դերին վրայ, մանաւանդ այսօրուան արհեստագիտութեան ընձեռած լայն կարելիութիւններու լոյսին տակ:
Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպան թուրքին շարունակուող հալածանքին, եւ յատկապէս վերջերս Քեսապի մէջ վերջինիս ունեցած մեղսակցութեան` հայաբնակ գիւղի տեղահանման աշխատանքին մէջ:
Գեղարուեստական բաժինով յեղափոխական երգերու շարքով մը ելոյթ ունեցաւ Սոնա Իշխանեան` մասնակցութեամբ Վարդան Եղիայեանի: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, որմէ ետք Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող ջահը վառուեցաւ Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբը նուագեց փունջ մը յեղափոխական երգեր:

