Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սէուտական Արաբիան համոզելու` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելու առումով:

ԿԸ նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը կատարուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը փափաքի ներկայանալ իբրեւ համախոհական թեկնածու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ազգային անհրաժեշտութիւն մըն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» եւ «Նահար» օրաթերթերուն համաձայն, խորհրդարանի չորեքշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան նիստին ներկայութեան ապահովումը կասկածելի է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի սահմանադրութիւնը ճիշդ կերպով չի մեկնաբաներ եւ ճնշում կը բանեցնէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը երկու երրորդի մեծամասնութեամբ կատարելու առումով:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան կառչած կը մնան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, նախագահական մակարդակի վրայ Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք անիշխանութիւնը ներքին լիբանանեան առումով իրարանցում պիտի պատճառէ: Նոյն օրաթերթը կը նշէ, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երբեք չեն մտածեր զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելու մասին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ ուղղակի խորհրդակցութիւններ չկան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ եթէ երկփեղկուած լիբանանեան քաղաքական կողմերը որոշեն անշեղ մնալ իրենց կեցուածքներէն եւ թեկնածուներէն, ապա պիտի ուղղուինք դէպի համաձայնութեան գոյացում:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելու ոչ մէկ երաշխիք տուած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ իրենք սկսած են լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող նախագահական թեկնածու մը փնտռել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը նախընտրեն անիշխանութիւնը, քան ժողովրդավարական պայքարով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Անթուան Սաատ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ զօր. Աունի միջեւ փոխըմբռնումի մը գոյացման մասին լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ռիատի մէջ Ուաշինկթընի դեսպանը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելու:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ մարախի պարագայ չկայ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդի նախագահ Ահմետ Ժապրա յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը հանգիստ եւ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Լիբանանի նախագահ ընտրուի:

ՎԵՐՏԱՆԻ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հաւաք մը` ի յիշատակ նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութեան մասին լուրերը երեւակայական են:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը ընկերային համաձայնագիր մըն է, որ անօգուտ է եւ իր ձախողութիւնը փաստած փաստաթուղթ կը նկատուի:

Մարատա հոսանքի ղեկավար խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն սպիտակ քուէով մասնակցութիւնը ժողովրդավարական իրաւունք է, «եւ մենք պիտի շարունակենք զօրակցիլ զօր. Միշել Աունի»:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ նախագահական թեկնածու Հանրի Հըլուի թեկնածութիւնը յետս կոչելը անհաւանական է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը զօրակցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, նոյնիսկ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ փոխըմբռնում գոյացնելու անոր քայլերուն առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ զօր. Միշել Աուն պիտի չներկայանայ իբրեւ նախագահական ընտրութեան մասնակից թեկնածու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնն ու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութիւնը:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ուղղահայեաց երկփեղկումը ցուցանիշ է, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անիշխանութիւն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մօտիկ ապագային ուղղուի Մոսկուա` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան հաւանական համախոհական թեկնածուն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ իրենց համար կարեւորը այն է, որ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրուի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն գաղափարներն ու նպատակները հետապնդող անձ մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարունակէ իր հաղորդակցութիւնները` ապագայ նախագահին ինքնութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ անկարելի է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահական ընտրութեան համախոհական թեկնածու նկատել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ տակաւին ժամանակ կայ համաձայնութիւն մը գոյացնելու` նախագահական համախոհական թեկնածուի մը շուրջ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պայթումները 90 առ հարիւրով նուազած են:

 

Share this Article
CATEGORIES