Ճարտարարուեստի Մարզի Միութիւնը Ընտրեց Իր Նոր Վարչութիւնը. ՀՅԴ-ի Թեկնածու Նազարէթ Սապունճեան Վերընտրուեցաւ Վարչութեան Գանձապահ, Վարչութեան Մաս Կազմեց Նաեւ Լորանս Թիւֆենքճեան

Նազարէթ Սապունճեան
Ճարտարարուեստի մարզի միութիւնը շաբաթավերջին կատարեց իր նոր վարչութեան ընտրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կատարեալ ժողովրդավարութեամբ:
Ընտրութիւններուն ընթացքին մրցակցեցան գործարանատէրերու հիմնական երկու ցանկեր, որոնք էին` «Բոլորս ի խնդիր ճարտարարուեստին», որուն նախագահեց Ֆատի Ժեմայէլ եւ «Ճարտարարուեստի որոշում» ընտրացանկը, որուն նախագահեց Ռամեզ Պու Նատեր:
Ընտրութիւններուն աւարտին յաղթանակեց Ֆատի Ժեմայէլ (318 քուէ), որ դարձաւ միութեան նոր նախագահը:
Սակայն քուէներուն մեծամասնութիւնը ստացան հայ թեկնածուները, որոնք են` Ճարտարարուեստի մարզի միութեան վերընտրուած գանձապահ, ՀՅԴ-ի թեկնածու Նազարէթ Սապունճեան (366 քուէ) եւ միութեան վարչութեան վերընտրուած անդամ Լորանս Թիւֆենքճեան (364 քուէ):
Պէտք է նշել, որ Նազարէթ Սապունճեան մինչեւ անցեալ ուրբաթ կէս գիշեր ճիգ չխնայեց ընտրութեան նախօրեակին գործարանատէրերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու` իրագործելու համար գործարանատէրերուն պահանջները:
Թէեւ այդ ջանքերը ապարդիւն դուրս եկան, սակայն համախոհական ցանկ մը յառաջացնելու իրենց աշխատանքին շնորհիւ Ն. Սապունճեան եւ Լ. Թիւֆենքճեան շահեցան գրեթէ բոլորին համակրանքը:

Լորանս Թիւֆենքճեան
Ընտրութենէն ետք 24 անդամ հաշուող նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր առաջին նիստը` նախագահութեամբ վարչութեան երիցագոյն անդամին` Լորանս Թիւֆենքճեանի: Նիստին ընթացքին ընտրուեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի միութեան դիւանը, որուն գանձապահի պաշտօնը վերստին յանձնուեցաւ Ն. Սապունճեանի, որ վեցերորդ նստաշրջանին համար վերընտրուած է, իսկ Լ. Թիւֆենքճեան` 2-րդ նստաշրջանին համար:
Նորընտիր վարչութեան աշխատանքը պիտի երկարի յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին:
Նշենք, որ Ճարտարարուեստի մարզի միութեան մասնակցեցան 400 գործարանատէրեր:

