Բանակը Ձերբակալեց Քալամունի Եւ Քուսէյրի Ճակատամարտներուն Զինուորական Պատասխանատուն

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ ձերբակալած է խումբ մը սուրիացիներ, որոնց շարքին` սուրիական Քալամուն եւ Քուսէյր շրջաններու ճակատամարտներու զինուորական պետ  Մոհամետ Ապտել Տէյիմ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ամոս Ետլին յայտնեց, որ Հըզպալլա Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն տանիքը լարած է երկար հասողութեամբ ռումբ մը, որ Լիբանանի մայրաքաղաքէն թիրախ պիտի դարձնէ Թել Աւիւը` պատճառելով աւելի քան 500 իսրայէլացի վիրաւորներ:

«Հըզպալլա աշխարհի վրայ միակ ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է, որ միջցամաքային հասողութեամբ հրթիռներ ունի: Գործնական առումով, Հըզպալլա կը ներկայացնէ Լիբանանի կիսապետութիւն, ինչպէս է պարագան Համասի` Այսրյորդանանի մէջ, սակայն ամէն պարագայի Իսրայէլ միջազգային չափանիշներուն հիման վրայ պիտի կարենայ յաղթել ահաբեկչութեան», ըսաւ Ետլին:

Share this Article
CATEGORIES