Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Այսօր Պիտի Գործադրէ Իր Դասադուլ-Գործադուլը

726518257_ImageՊետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարի վաւերացումը պահանջելու շրջագիծին մէջ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր պիտի գործադրէ դասադուլ-գործադուլ մը, որուն պիտի ընկերակցի նաեւ ցոյց մը:

Ցոյցը պիտի սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Կեդրոնական դրամատան դիմացէն եւ պիտի հասնի մինչեւ Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատ, ինչպէս նաեւ Դրամատուներու միութեան կեդրոն, խորհրդարան եւ ապա Ռիատ Սոլհի հրապարակ:

Կրթութեան նախարարութեան առջեւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար կոչ ուղղեց խիտ շարքերով մասնակցելու ցոյցին:

Հայտար շեշտեց, որ իրենց համար մերժելի է, որ յաւելումները կատարուին իրենց իրաւունքներուն հաշուոյն եւ կամ համեստ դասակարգին նիւթական բեռը աւելցնելու գնով:

Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն, յատկապէս այն դպրոցներուն ուսուցիչներուն, որոնց արձակուրդը երէկ գիշեր կը վերջանար:

Մահֆուտ հաստատեց, որ այսօր Լիբանանի անձնական բոլոր վարժարաններուն մէջ դասադուլի օր է:

Հանրային Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզի Ցոյց

Միւս կողմէ, բողոքի ցոյց մը գործադրուեցաւ Հանրային ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքային կողմէ:

Ինքնաշարժներու եւ հանրաշարժներու վարորդներ Տորայէն եւ Քոլայէն հասան Ռիատ Սոլհի հրապարակ եւ բողոքեցին պետութեան կողմէ օրէնքները չգործադրելու իրականութեան դէմ:

Վարորդները բողոքեցին իրենց մրցակից օտար վարորդներուն, ինչպէս նաեւ կեղծ թիւեր կրող փոխադրամիջոցներուն դէմ:

Հանրային ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ հաստատեց, որ իրենց բողոքի ցոյցը ոչ լիբանանցի վարորդներուն եւ հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող կեղծ թիւով փոխադրամիջոցներուն դէմ է:

Նաժտէ հաստատեց, որ այս ապօրինութիւնները ոչ մէկ կերպով կը հետապնդուին պետութեան կողմէ. ան նշեց, որ իրենք պահանջներ չունին, այլ պարզապէս իրենց իրաւունքը կը պաշտպանեն:

Իր կարգին, Հանրային ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայս շեշտեց, որ այս շարժումը ամբողջ շաբթուան ընթացքին պիտի գործադրուի, ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Թլայս յայտնեց, որ Հանրային ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքան պիտի մասնակցի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հրաւիրած բողոքի ցոյցին եւ ընդհանուր գործադուլին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 30 ապրիլ 2014-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES