Խօսքի Ազատութեան Զօրակցական Հաւաք` Մամլոյ Սենտիքային Մէջ

962513347_ImageԼիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի փոխնախագահ Քարմա Խայեաթն ու «Ախպար» օրաթերթի խմբագրապետ Իպրահիմ Ամինը դատավարութեան կանչելու որոշումին լոյսին տակ, երէկ Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, պետական անձնաւորութիւններ եւ իրաւաբաններ:

Ներկաները ընդգծեցին խօսքի ազատութեան եւ տեղեկատուութեան մարզի ազատ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատէր եւ ընդհանուր տնօրէն  Թահսին Խայեաթ յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին, Միջազգային դատական ատեանը իր հետապնդած նպատակէն շեղած է եւ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է այդ նպատակը ուղղէ ու զայն ճիշդ հունի մէջ զետեղէ:

Խայեաթ հաստատեց, որ իրենք ոչ մէկ ճնշումի տակ պիտի ընդունին գործել, ըլլան անոնք Միջազգային դատական ատեանին, թէ այլոց կողմէ բանեցուած ճնշումներ:

Իպրահիմ Ամին իր կարգին յայտնեց, որ կարելի չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ տեղեկատուութեան նախարարը կը թերանայ իր պարտականութիւններուն մէջ: «Իսկ ազատութենէն բացի օրէնքը յարգելու քայլը առաջնահերթութիւն նկատելու որեւէ փորձ լուրջ սխալներ կը պարունակէ, եւ տեղեկատուութեան նախարարը պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ», ըսաւ Ամին:

«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Փիեռ Տահեր յայտնեց, որ ինք դիտողութիւններ ունի թէ՛ լրագրողներուն եւ թէ՛ Միջազգային դատական ատեանին, անոր գործելաոճին իմաստով:

«Սակայն այս հաւաքը տեղեկատուութեան մարզին ու լրագրողներուն զօրակցելու առիթ է, եւ ցաւ ի սիրտ կը յայտնեմ, որ լիբանանեան լրատուական մարզը ներկայացնող բոլոր միջոցները ներկայ չեն այս հաւաքին: Մենք Միջազգային դատական ատեանին զօրակցելու հաւաքի մը չենք ներկայացած, այլ` Լիբանանի տեղեկատուութեան մարզին զօրակցելու: Մենք պէտք է աշխատինք, որպէսզի յաջորդ հաւաքին իբրեւ մէկ մարմին ներկայանանք», ըսաւ ան:

«Սաֆիր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Թալալ Սալման յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ներքին խախտումներէ կը տառապի եւ պատասխանատուութեան պէտք է կանչուի ան, որ գաղտնի տեղեկութիւններ սպրդեցուցած է:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն սենտիքային անունով կոչ ուղղեց լրագրողները դատավարութեան կանչելու քայլին դէմ դատապարտումի նստացոյց մը կատարելու երեքշաբթի, 6 մայիս 2014-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ:

«Իսկ երեքշաբթի, 13 մայիս 2014-ին, բոլոր լրատուամիջոցներն ու մամուլը գործադուլ պիտի կատարեն` նկատի ունենալով, որ Քարմա Խայեաթ եւ Իպրահիմ Ամին այդ թուականին է, որ դատավարութեան կանչուած են», ըսաւ Աուն:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց խորհրդարանին` վաղը` չորեքշաբթի, 30 ապրիլին, զօրակցելու խօսքի ազատութեան, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստին ծիրին մէջ:

Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի կոչ ուղղեց Միջազգային դատական ատեանին վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ խստիւ դատապարտեց տեղեկատուութեան նախարարին վարուելակերպը:

Իր կարգին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ընդունեց մամլոյ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Մամլոյ եւ Խմբագիրներու սենտիքաներու նախագահներուն:

Ժրէյժ պատուիրակութեան կողմէ ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ լիբանանեան պետութենէն պահանջուեցաւ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն միջամտել, որպէսզի զայն հեռու պահէ լրագրութեան ազատութիւնը թիրախ դարձնելէ:

Պատուիրակութիւնը պահանջեց նամակը յղել նաեւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին:

Հանդիպումին ընթացքին Ժրէյժ յայտնեց, որ նամակը պիտի ներկայացնէ կառավարութեան յաջորդ նիստին եւ

ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Լիբանանի մէջ տեղեկատուութեան մարզին ազատութիւնը պաշտպանելու նպատակով` աւելցնելով, որ Միջազգային դատական ատեանին եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրին յօդուածները պիտի սերտէ եւ անոնց հիման վրայ նախարարաց խորհուրդին պիտի ներկայացնէ խնդրագիր մը, որուն հիման վրայ պիտի պահանջուի վերատեսութեան ենթարկել լիբանանցի լրագրողներուն դէմ դատարանին ամբաստանութիւնը:

Ժրէյժ զօրակցութիւն յայտնեց լրագրութեան եւ լրագրողներուն` աւելցնելով, որ տեղեկատուութեան մարզը իրաւունք ունի Միջազգային դատական ատեանը եւ անոր որոշումները քննադատելու:

 

Share this Article
CATEGORIES