Կիւլ Կ՛աջակցի Էրտողանի` Հայերուն Յղած Ուղերձին
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր աջակցութիւնը յայտնած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 24 ապրիլի ուղերձին: Այս մասին Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է երէկ Անգարայի մէջ` Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ցեղասպանութեան խնդիրին երէկ անդրադարձած է նաեւ թրքական խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք:
«Հայկական սփիւռքը 1915 թուականի իրադարձութիւններու 100-ամեակին ընդառաջ լայնածաւալ զրպարտչական արշաւի սկսած է Թուրքիոյ դէմ», ըսած է Չիչեք` Ռումանիոյ Ներկայացուցիչներու տան նախագահին հետ բանակցութիւններու աւարտին: Ան աւելցուցած է. «Որեւէ երկիր ապահով պէտք չէ զգայ հայկական այդ քարոզարշաւէն, ուստի մենք մեր ռումանացի գործընկերներէն խնդրեցինք շատ ուշադիր ըլլալ»:
CATEGORIES Հայկական

