Ուորլիք Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Ամերիկահայ Համայնքին Հետ

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք մայիսին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկահայ համայնքին հետ, իսկ Հիուսթընի մէջ ազրպէյճանական համանքին հետ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:

Ուորլիք այդ մասին գրած է «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:

Ան գրած է. «Անհամբերութեամբ կը սպասեմ մայիսին Լոս Անճելըսի մէջ ամերիկահայ համայնքին եւ Հիուսթընի մէջ ազրպէյճանական համայնքին հետ հանդիպումին` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը քննարկելու նպատակով»:

 

Share this Article
CATEGORIES