ՀՅԴ Պիտի Չմասնակցի Ազգային Ժողովի Նախագահի Ընտրութեան

Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան, որովհետեւ արդիւնքը կանխորոշուած է:

Ան նշեց, որ իր կարծիքով, Գալուստ Սահակեան մեծ փորձառութիւն ունեցող անձնաւորութիւն է. ՀՅԴ երկար տարիներ աշխատած է անոր հետ եւ լաւ կը ճանչնան զիրար:

Ըստ Ռուստամեանի` Սահակեան կանխատեսելի անձնաւորութիւն է եւ փորձառու, եւ ունի շատ լաւ յատկանիշ մը` կրնայ հարցերուն լուծումներ գտնել ամէնէն անհաւանական իրավիճակներուն մէջ, հարթել անկարելի թուացող տարակարծութիւնները, ինչ որ կարելիութիւն տուած է պահպանելու համաձայնութիւնները Ազգային ժողովին մէջ:

«Մեր մասնակցութիւնը այստեղ ձեւական բնոյթ ունի, որովհետեւ արդիւնքը կանխորոշուած է եւ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը որեւէ բան պիտի չփոխէ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Ըստ Ռուստամեանի, ասիկա իրենց սկզբունքային դիրքորոշումն է:

Նշենք, որ Հայ ազգային քոնկրեսը նաեւ պիտի չմասնակցի Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան: Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու Գալուստ Սահակեան յայտարարած է, որ եթէ ոչ իշխանական ուժերը քուէարկութեան չմասնակցին` «ինքզինք վատ պիտի զգայ»:

Share this Article
CATEGORIES