Արմէն Գէորգեան Նշանակուեցաւ Փոխվարչապետ

Արմէն Գէորգեան

Արմէն Գէորգեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ստորագրեց հրամանագիր մը որուն հիմամբ տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը նաեւ փոխվարչապետ նշանակուեցաւ: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:

Արմէն Գէորգեան փոխվարչապետ եւ տարածքային կառավարման նախարար էր նաեւ նախորդ կառավարութեան կազմին մէջ:

Անցեալ շաբաթ աւելի կանուխ հրամանագիրներու շարքով մը նախագահ Սարգսեան նոր կառավարութեան մէջ կատարեց հետեւեալ նշանակումները. Դաւիթ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար նախարար, Արմէն Երիցեան` արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Յասմիկ Պօղոսեան` մշակոյթի նախարար, Կարէն Ճշմարիտեան` տնտեսութեան նախարար, Գագիկ Բեգլարեան` փոխադրութեան եւ կապի նախարար, Նարեկ Սարգսեան` քաղաքաշինութեան նախարար, Հրանուշ Յակոբեան` սփիւռքի նախարար, Արմէն Մուրատեան` առողջապահութեան նախարար:

Share this Article
CATEGORIES