Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը իրեն հետ պիտի բերէ նոր յաջողութիւններ, մասնաւորաբար` ձեր ասպարէզին վերաբերեալ պաշտօնի բարձրացումի հարցով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընդունեցէք ձեզի վերագրուած գովեստները կամ դրուատիքը այնպէս, ինչպէս որ է, բնական տրամադրութեամբ: Օրը պայծառ պիտի մնայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ եռանդ եւ ուժ կը սպառէք ձեր ասպարէզին կապակցութեամբ: Քիչ մը հաւասարակշռեցէք ձեր ջանքերը: Կրնաք մնալ նոյն չափին վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամութիւնը ձեզի պիտի ներշնչէ հաւատք եւ մարդկայնականութիւն: Հաստատ մնացէք ձեր հաւատքին վրայ եւ սիրեցէք ձեր շրջապատի անձերը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի տարուիք ձեր աշխատանքով եւ պիտի չիմանաք, թէ օրը ի՛նչ շուտ անցաւ: Պիտի ուրախանաք ձեռք ձգուած արդիւնքով: Մնացէք միշտ եռանդուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը դրոշմուած պիտի մնայ ձեր յիշողութեան մէջ, յաւիտենապէս: Կրնաք ծրագրել նոր աշխատանք եւ նոր ծրագիրներ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մտածեցէք միայն ձեր ընելիքին մասին, ինչ որ կը մնայ ձեզի իբրեւ պարտականութիւն: Ձեր ճամբան բաց է, կրնաք շարունակել ուրախութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երբ հրաւիրուած էք բանակցութիւն մը կամ համաձայնութիւն մը կատարելու, նախապէս մի՛ մտածէք արդիւնքին մասին: Մնացէք լաւատես:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին համար կազմակերպեցէք նախաձեռնութիւն մը, որ ըլլայ ուրախ առիթի մը համար: Փոփոխութիւն բերէք միօրինակութեան մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արտայայտեցէք ձեր սիրոյ զգացումները: Գարունը տեւականօրէն պիտի տեղաւորուի ձեր սրտին մէջ: Երանելի է օրը, օգտուեցէք ուրախութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընտանիքին մէկ անդամին հետ ձեր յարաբերութիւնը մի՛ խզէք: Սիրալիր մնացէք: Յանցանքը միշտ ուրիշին վրայ մի՛ ձգէք, ներող եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ժամանակ տրամադրեցէք բացատրելու համար ձեր նպատակը եւ միտքը: Ձեր մտածումը յստակօրէն յայտնեցէք ձեր խօսակիցին: Այսպիսով, ձեր գործը կը թեթեւնայ եւ ազատ ժամեր կ՛ունենաք:

