50 Տարի Առաջ (30 Ապրիլ 1964)
Լիբանանեան Մամուլ
Պուրճ Համուտի Մէջ Տրուած Խօսքը Մ
իշտ Կը Յարգուի
«Լ՛Օրիան»-ի լրագրող Էլիան Ժեպարա, որ իր մնայուն սիւնակն ունի («Իսի լա քոմմեր») ֆրանսատառ մեծատարած թերթին մէջ, կիրակի կէսօրէ ետք շրջապտոյտ մը կատարեց Պուրճ Համուտի ընտրական գրասենեակներուն մէջ եւ փափաք յայտնեց տեսնել հրամանատարական այն կեդրոնը, ուրկէ կը ղեկավարուէր ամբողջ աշխատանքը, լարուած մեքենայի մը նման:
Սիրով առաջնորդուեցաւ Ժողովրդային տուն, ուր հիացումով արտայայտուեցաւ կատարուած աշխատանքներուն մասին:
Ստորեւ կու տանք իր տպաւորութիւնները, զորս հրատարակած է «Լ՛Օրիան»-ի երկուշաբթիի թիւով, «ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ՏՐՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ ՄԻՇՏ ԿԸ ՅԱՐԳՈՒԻ» խորագրին ներքեւ.
Տեսարանի ամբողջական փոփոխութիւն Պուրճ Համուտի մէջ: Վերը, Մեթն (բացի քանի մը գիւղերէ, ինչպէս` Պէյթ Շեպապ, Պիքֆայա եւ Տհուր Շուէյր) դիւրաւ կարելի էր երթեւեկել ժամական 80 քմ արագութեամբ: Հոս, այս թաղը, կարծէք գործարանի մը մէջ կը գտնուէի: Բազմութիւնը խուռներամ էր, ամէն կողմ` շարժում, ինքնաշարժի ճչակ, զարդարանք: Եւ սակայն, ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (քուէարկողներու 97 առ հարիւրը) կը քուէարկէ կառավարութեան, այսինքն Ժեմիլ Լահուտ – Մորիս Ժեմայել – Խալիլ Ապի Ժաուտէ – Միշել Մըր ցանկին, ու բնականաբար, իր մարդուն` Անտրէ Թապուրեանին:
«Ցանկին մէջ փոփոխութիւններ եղա՞ն», հարցուցի Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկուն: Ապշահար երեսս նայեցաւ. «Մենք երբե՛ք փոփոխութիւն չենք ըներ: Ամբողջ ցանկն է, որ կ՛իջնէ քուէատուփ»: «Նոյնի՞սկ եթէ բարեկամ մը կամ բարեգործ մը ունիք միւս ցանկին մէջ» պնդեցի: «Ես օրինակ, Սելիմ Լահուտն է, որ զիս մտցուց Լիթանի, ուր կ՛աշխատիմ. եղաւ խորհուրդի նախագահս, եւ սակայն իրեն դէմ կը քուէարկեմ», պատասխանեց հպարտութեամբ:
«Ինչո՞ւ միշտ կառավարութեան ի նպաստ կը քուէարկէք»:
«Կ՛ըսեն, թէ մենք կառավարական ենք. իրականութեան մէջ մենք երկրի բարգաւաճման եւ անկախութեան ի նպաստ ենք, ու եթէ ատիկա կը զուգադիպի իշխանութեան հետ… Մենք, կը հասկնաք, մենք մեր սկզբունքներուն հաւատարիմ ենք, գիտենք արժէքը անկախութեան, որուն համար պայքարած ենք միշտ»:
«Ինչպէ՞ս կը բացատրէք քուէարկողներու այս զանգուածը»:
«Նախ` սրտով մենք կապուած ենք մեր գաղափարաբանութեան. մեզի համար ատիկա մահու կենաց խնդիր է:
«Եւ` կարգապահութեամբ: Ունինք ցանկը Պուրճ Համուտի բոլոր բնակիչներուն եւ այն հայերուն, որոնք հոն կը քուէարկեն, բայց կը բնակին Զոքաք Պլաթ, Քարանթինա, Քարըմ Զէյթուն: Իւրաքանչիւր փողոց ունի իր փոքր յանձնախումբը` կազմուած երկու կամ երեք անձերէ, որոնք կ՛արձանագրեն իւրաքանչիւր շէնք, իւրաքանչիւր ընտանիք եւ անոր քաղաքական հակումը:
«Այս փոքր յանձնախումբերը իրենց տեղեկագիրը կը փոխանցեն թաղապետին, որ իր կարգին նուիրապետական կարգով կը հասցնէ կուսակցութեան:
«Ընտրութիւններու ընթացքին այս նոյն յանձնախումբերը կը զբաղին Պուրճ Համուտէն դուրս բնակող արձանագրուածներով, զանոնք կ՛ընդունին եւ կը ղրկեն այն քուէատուփը, ուր պիտի քուէարկեն…
«Ուստի փոքր պտոյտ մըն է, որ կ՛ընէ մեր քուէարկողը»:
Ինչ որ ընդհանրապէս կը պակսի լիբանանցի քուէարկողին, կուսակցական կարգապահութիւնը, հայ համայնքի քուէարկողները ունին: Զարմանալի չէ՞ միթէ, որ ճիշդ ասոր համար կը մեղադրեն զիրենք:
Ժամը տասնութն է: Ծափահարութիւններ: Խալիլ Ապի Ժաուտէ, Անտրէ Թապուրեան եւ Նասրի Լահուտ (հօրը` զօրավար Լահուտի ներկայացուցիչը) կու գան կացութիւնը քննելու: Աւելորդ է. Պուրճ Համուտ չի դաւաճաներ տրուած խօսքին»:
Հայերը Լիբանանի Մէջ
Շատ հին ժամանակներէ ի վեր հայեր ապրած են Լիբանանի մէջ: Միջին դարուն, խաչակիրներու օրով, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը սերտ կապեր հաստատած էր Միջերկրականի ափերուն վրայ եւ Սուրբ վայրերու մէջ ստեղծուած իշխանապետութիւններուն հետ:
ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերուն օսմանեան սուլթաններու կողմէ կաթոլիկութեան յառած հայերու դէմ կատարուած հալածանքներուն պատճառով մաս մը հայեր ապաստանեցան Լիբանան, որ գերազանցօրէն կաթոլիկ հողամաս մըն էր:
Անտոնեան միաբանութիւնը` հիմնուած 1720-ին, 1749-ին հաստատեց վանք մը Զմմառի մէջ, Պէյրութէն երեսուն քիլոմեթր հեռու, Լիբանանի լեռներու բարձունքը, ծովու մակերեսէն 950 մեթր բարձրութեան վրայ: Այս վանքը ցարդ կը պահէ իր գոյութիւնը: Ունի ճոխ գրադարան մը եւ հայերէն հին ձեռագիրներ:
Ժամանակի ընթացքին քիչ թիւով հայեր գացին հաստատուիլ Լիբանանի մէջ, մանաւանդ Պէյրութ, որ իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի առեւտրական նաւահանգիստը` վաճառաշահ կեդրոն մըն էր:
1860-ի դէպքերուն պատճառով եւ ֆրանսական բանակին միջամտութեամբ Լիբանանի լեռնային շրջանը (քրիստոնեայ) դարձաւ ինքնավար, օսմանեան գերիշխանութեան տակ: Ինքնավար Լիբանանի առաջին եւ վերջին կառավարիչները եղան հայեր` Արթին Տաւուտ փաշա (1861-1869) եւ Յովհաննէս փաշա Գույումճեան (1912 դեկտեմբեր 15-էն 1915):
Բազմաթիւ հայ ուսանողներ բժշկութիւն ուսած են Պէյրութի ֆրանսական եւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ, սուլթան Համիտի օրերէն սկսեալ:
Լիբանանի ներկայ հայ գաղութը կազմուեցաւ 1921-էն ետք, երբ 1921 հոկտեմբեր 20-ի Անգարայի ֆրանսեւթուրք համաձայնագրին պատճառով Ֆրանսա պարպեց Կիլիկիան, զոր գրաւած էր 1918-ի աշնան, թրքական բանակի ջախջախիչ պարտութենէն ետք:
Կիլիկիոյ հայերը զանգուածային կերպով ապաստանեցան Սուրիոյ եւ Լիբանանի հիւրընկալ հողերուն վրայ եւ նոր բոյներ սկսան շինել այնտեղ: Աւելի քան չորս տասնեակ տարիներէ ի վեր հայերը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս նորազատ երկիրներու վերաշինական աշխատանքներուն եւ տնտեսական բարգաւաճման:
Լիբանանի մայրաքաղաքը` Պէյրութ, դարձած է հայկական մշակոյթի կեդրոն մը: Այնտեղ փոխադրուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը (Անթիլիաս) եւ հայ կաթոլիկներու կաթողիկոս-պատրիարքութիւնը (Էշրեֆիէ):
Բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ դպրոցներ ունին Լիբանանի մէջ հայ երեք յարանուանութիւններն ալ: Չորս օրաթերթեր եւ զանազան շաբաթաթերթեր ու ամսագիրներ կը հրատարակուին Պէյրութի մէջ, ուր կարեւոր թիւ մը կը կազմեն հայկական տպարաններն ու գրադարանները:
1952 հոկտեմբեր 11-էն ի վեր Լիբանանի հայ համայնքը կը ղեկավարուի պետութենէն վաւերացուած մասնաւոր օրինագիրքով մը, որ լայն իրաւասութիւններ կու տայ մեր կրօնական իշխանութեանց, մասնաւորաբար` ամուսնութեան, ամուսնալուծման, ժառանգութեան, կտակներու եւ յարակից խնդիրներու մէջ (Լիբանանի Հանրապետութեան 2 ապրիլ 1951-ի օրէնքը):
Հայերը կը կազմեն արժէքաւոր տարր մը Լիբանանի մէջ, իբրեւ հաւատարիմ, պարկեշտ` աշխատունակ եւ օգտակար քաղաքացիներ:
Հ. Ս.

