«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Մամուլին Դէմ Դատավարութեան Երկրորդ Նիստին` Ընդհանուր Դատախազը Պահանջեց Վերջ Տալ Դատական Հետապնդումներուն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Դատավարութենէն ետք` յաղթանակի նկարը, որուն վրայ առաջին շարքին, ձախէն աջ կը տեսնուին Օննիկ Ճամպուլեան, մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Բարունակ Թովմասեան, Միշէլ Սասին, մեթր Մոհսէն Սլիմ, Ռիատ Թահա, Հայկ Պալեան, Տիգրան Թոսպաթ եւ մեթր Զոհրապ Այվազեան:

Դատավարութենէն ետք` յաղթանակի նկարը, որուն վրայ առաջին շարքին, ձախէն աջ կը տեսնուին Օննիկ Ճամպուլեան, մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Բարունակ Թովմասեան, Միշէլ Սասին, մեթր Մոհսէն Սլիմ, Ռիատ Թահա, Հայկ Պալեան, Տիգրան Թոսպաթ եւ մեթր Զոհրապ Այվազեան:

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ լիբանանահայ մամուլին դէմ բացուած դատին առիթով, լիբանանցի շարք մը մտաւորականներ հայութեան ի նպաստ եւ ցեղասպան թուրքը դատապարտող յօդուածներ ստորագրեցին: Հայ եւ արաբ իրաւաբաններ իրենց համոզիչ պաշտպանողականներով բացին թրքական միջամտութեան ներքին ծալքերը եւ ծանրացան յատկապէս անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան վրայ, իսկ ընդհանուր դատախազը պահանջեց վերջ տալ դատական հետապնդումներուն:

***

«Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատին երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 1 յուլիս 1970, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, արդարութեան պալատին մէջ:

Դատավարութենէն առաջ, հակառակ հայ մամուլին կողմէ ներկայացուած խնդրանքներուն, ստուար թիւով հայրենակիցներ փութացած էին դատարան` ներկայ գտնուելու համար դատավարութեան: Խուռներամ բազմութիւն մը նախատեսելով ու շրջան ընող կարգ մը զրոյցներու հիման վրայ, իշխանութիւնները ապահովութեան խիստ միջոցներ ձեռք առած էին: Դատարանի բոլոր մուտքերը եւ շրջակայքը լեցուած էին ոստիկան-զինուորներով, որոնք ոչ միայն արգելք հանդիսացան ժողովուրդի սրահ մուտքին, այլ նաեւ ջանացին կարելի եղածին չափ հեռու պահել դատարանէն ու ցրուել:

Հարկ եղաւ մասնաւոր միջամտութիւններու, որպէսզի գոնէ արտօնուի մուտքը հայ ծանօթ ազգայիններու, որոնք ամէն գնով կ՛ուզէին հետեւիլ դատավարութեան:

Ժամը 10:00-ին, մամլոյ պատժական վերաքննիչ ատեանը մուտք գործեց դատական սրահէն ներս, ուր արդէն տեղ գրաւած էին երկու հարիւրի մօտ հայ եւ արաբ անձնաւորութիւններ: Գլխաւոր պաշտպան փաստաբաններ մեթր Մոհսէն Սլիմի եւ Հրաչեայ Շամլեանի շուրջ հաւաքուած էին բոլոր այն իրաւաբանները, որոնք սիրայօժար եւ ինքնակամ կ՛ուզէին բերել իրենց մասնակցութիւնը հայ մամուլի պաշտպանութեան: Ներկայ էին բոլոր հայ փաստաբանները,- մեթր Վարդգէս Շամլեան, Ժաք Չուխատարեան, Նիքոլա Հազարեան, Զոհրապ Այվազեան, Գասպար Տէրտէրեան եւ Հրաչեայ Սեդրակեան, ինչպէս նաեւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Պութրոս, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ Նասրի Մաալուֆ եւ Ժոզեֆ Չատըր, երեսփոխան Ֆուատ Թեհինի, նախկին երեսփոխան Ռաշիտ Սոլհ, Ֆաուզի Ղազի եւ Ալֆրետ Ապի Շահլա:

Դատավարութեան յատկապէս ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Միշել Սասին, պետական հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Անտրէ Թապուրեան, մամլոյ սենտիքայի նախագահ Ռիատ Թահա, մամլոյ գերագոյն խորհուրդի անդամ Տիգրան Թոսպաթ, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Քարամ եւ լրագրողներ:

Դատական ատեանին կը նախագահէր Իհսան Պարուտի, խորհրդականներն էին Ալպեր Սըմահա եւ Իպրահիմ Շեր: Ընդհանուր դատախազի աթոռը գրաւած էր Քամիլ Ժաաժա:

Նախագահը դատավարութիւնը բացուած յայտարարելով, կանչեց երկու ամբաստանեալ թերթերուն պատասխանատու տնօրէնները` Հայկ Պալեանը եւ Բարունակ Թովմասեանը, որոնք ներկայացան ատեանին: Այնուհետեւ ստուգեց պաշտպան փաստաբաններուն ցանկը եւ «մեղադրեալ» յօդուածներուն պաշտօնական թարգմանութիւնները յանձնեց ընդհանուր դատախազին:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ ընդհանուր դատախազը, որ ոչ միայն որեւէ ամբաստանութիւն չըրաւ, այլ յայտնեց, թէ ինք վերոյիշեալ գրութիւններուն մէջ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը նախատող պարբերութիւն չէ գտած, հետեւաբար կը պահանջէ, որ դատական հետապնդումը դադրեցուի երկու թերթերուն դէմ:

Ընդհանուր դատախազին այս յայտարարութիւնը ակնյայտ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Ապա նախագահը խօսք տուաւ պաշտպան փաստաբաններուն:

Առաջին հերթին խօսեցաւ մեթր Մոհսեն Սլիմ, որ մօտ երեք քառորդ ժամ տեւող իր պերճիմաստ պաշտպանողականով, պարզեց դատին էութիւնը, բացաւ թրքական այս միջամտութեան բոլոր ներքին ծալքերը, մասնաւորաբար ծանրանալով թրքական ցեղասպանութեան վրայ: Մեթր Սլիմ ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդը ամէն տարի Ապրիլ 24-ին կը յիշէ իր նահատակները, ուխտելով հաւատարիմ մնալ անոնց յիշատակին: Շեշտը դրաւ հայկական դատին համամարդկային բնոյթին վրայ ու անդրադարձաւ թրքական մամուլին մէջ երեւցած այն յօդուածներուն, որոնք նախատական տողեր կը պարունակեն Լիբանանի եւ արաբական դատին դէմ:

Երկրորդ խօսողը եղաւ մեթր Հրաչեայ Շամլեան, որ շատ փաստացի կերպով կատարեց իր պաշտպանողականը, յայտնելով, թէ մեղադրեալ յօդուածները լոյս տեսած են երկու թերթերու Ապրիլի թիւերուն մէջ, այն ամսուն, որուն 24-ին, յիսունհինգ տարի առաջ, թուրք կառավարութիւնը մէկ գիշերուան մէջ իրենց տուներէն հաւաքելով, դէպի մահ ղրկեց հայութեան ընտիր զաւակները, գրագէտներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, իրաւաբաններ, մինչեւ իսկ կրօնականներ: Յատկապէս յիշեց Գրիգոր Զօհրապը, որ ուսուցիչը եղած է լիբանանեան անկախութեան ռահվիրաներէն Ռիատ Սոլհի: Յանձին Զօհրապի, թուրք կառավարութիւնը սպաննել տուաւ իր մեծագոյն օրէնսգէտը Ուրֆայի ճամբուն վրայ, ըսաւ մեթր Շամլեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ մեծանուն իրաւաբան մեթր Ֆուատ Պութրոս, որ յայտարարեց, թէ կարելի չէ արգիլել ժողովուրդի մը, որ յարգէ իր նահատակները: Լիբանան, ազատութեան երկիր, այդ անկողոպտելի իրաւունքը տուած է հայերուն, ըսաւ մեթր Պութրոս, եզրակացնելով, թէ պէտք է անպարտ արձակուին հայկական երկու թերթերը:

Վերջին խօսողը եղաւ մեթր Ֆաուզի Ղազի, որ մասնաւորապէս անդրադարձաւ լիբանանեան հայրենիքին մէջ ապրող հայ տարրին բերած մշակութային եւ քաղաքակրթական այն նպաստին, որ այս ժողովուրդը արժանի կը դարձնէ արդարութեան:

Մեթր Ղազիի խօսքերէն ետք, ատեանի նախագահը կարճ խորհրդակցութիւն մը ունենալէ ետք իր գործակիցներուն հետ, յայտարարեց, թէ վճիռը պիտի տրուի յուլիս 10-ին, մասնաւոր նիստով:

Ներկաները շնորհաւորեցին պաշտպան փաստաբանները իրենց կորովի պաշտպանողականին համար եւ խանդավառութեամբ մեկնեցան սրահէն: Դուրսը, ելքի դրան մօտ հաւաքուած բազմութիւնը ծափահարութիւններով ընդունեց տրուած որոշումը եւ հուռռաներով պանծացուց փաստաբանները, ներկայ անձնաւորութիւնները եւ առանձնապէս մեթր Մոհսեն Սլիմը:

Դատավարութենէն ետք, մամլոյ սենտիքայի նախագահ Ռիատ Թահա, ընկերակցութեամբ Տիգրան Թոսպաթի, Բարունակ Թովմասեանի եւ Հայկ Պալեանի, մեկնեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, ուր Ռիատ Թահա անձամբ պատրաստեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, որ տրուեցաւ լիբանանեան բոլոր թերթերուն:

Ճնշումներ Եւ Միջամտութիւններ

«Գիտէինք, որ թրքական պետութիւնը միջամտութիւններ կ՛ընէր Լիբանանի քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններու մօտ` ազդելու համար դատին ընթացքին վրայ: Այդ օրերուն չուզեցինք անդրադառնալ զարտուղի այդ քայլերուն, այն համոզումով որ անոնք որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենան:

Երբ յայտնի եղաւ միջամտութիւններուն եւ ճնշումներուն զուր ըլլալը, մէջտեղ նետուեցաւ յերիւրածոյ նամակի մը պատմութիւնը, որուն անդրադարձան արաբական կարգ մը թերթեր: Նամակ մը, ըստ որուն Իտալիոյ հայ ուսանողական միութիւն մը սպառնացած է իբրեւ թէ օդը հանել Պէյրութի թրքական դեսպանատունը:

Այս սպառնալիքը «պատրուակ» ծառայեցնելով, դիմումներ եղած են Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի ճնշում բանեցուի հայութեան վրայ:

Պէյրութի հայ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան այս առիթով հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին նախարարութեան քաղաքական բաժանմունքի պետին հետ եւ վճռապէս հերքեց նման նամակի մը վաւերականութիւնը, շեշտելով, թէ պարզապէս գրգռիչ նպատակներ հետապնդող յերիւրանք մըն է եղածը»:

***

«Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատին առիթով լիբանանցի մտաւորականներու, խմբագիրներու ու թղթակիցներու մամուլին մէջ հայութեան ի նպաստ ստորագրած յօդուածներէն յիշենք Ֆատէլ Սայիտ Աքլի եւ Շահատէ Ղուսէյնի յօդուածները:

Օսմանեան պետութեան կողմէ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ 6 մայիս 1916-ին կախաղան բարձրացած արաբ մտաւորականներէն Սայիտ Աքլի զաւակը` մամլոյ սենտիքայի անդամ Ֆատել Սայիտ Աքլ, «Լիբանանցի Նահատակի մը զաւակը յարգանք կը մատուցանէ հայ նահատակներու զաւակներուն» խորագրեալ յօդուածով կը գրէ.

«Չորեքշաբթի, 20 մայիս 1970-ի առաւօտեան, ներկայ գտնուեցայ ձեր տողանցքին եւ ցոյցին արդարութեան պալատին առջեւ, մէջը եւ դատական ատեանի սրահէն ներս, որոնք լեցուցիք ձեր զանգուածներով, ինչպէս լեցուցիք այս պալատին շուրջ բոլորը գտնուող փողոցները եւ պողոտաները, պալատ մը` որ խորհրդանիշն է մեր արդարութեան եւ պատնէշը` մեր իրաւունքներուն:

Իմ հայ եղբայրներ եւ հայրենակիցներ, զաւակները եւ թոռները երկու միլիոն հայ նահատակներուն, որ օսմանեան պետութիւնը, եւ մասնաւորաբար Ճեմալ փաշա ջարդեց: Ես, ձեր հայրենասիրութեամբ եւ առաքելութեամբ, ես` զաւակը նահատակ Սայիտ Աքլի, զոր բռնապետ Ճեմալ փաշան 1916-ին կախել տուաւ, ես ձեզ կ՛ողջունեմ ձեր փառքին եւ նահատակութեան բարձրութեան մէջ:

Ես այսօր խառնուեցայ ձեր զանգուածին, եղայ ձերիններէն մէկը, ինչ որ հպարտութիւն պատճառեց ինծի:

Լիբանանեան տարեգրութեանց մէջ իր տեսակին մէջ, իր ինքնաբուխ ձեւով, իր կենսունակութեամբ, իր փառահեղութեամբ, իր կարգապահութեամբ եւ իր անկախութեան ձգտող իմաստով եզակի այս ցոյցով, դուք փառաբանեցիք հոգին իմ նահատակ հօր, որ կը սաւառնէր մեր վերեւ, ձեր մարտիրոսներուն հոգիներուն հետ, մեզ պաշտպանելով վերէն եւ հսկելով մեր համայնական հայրենիքին:

24 ապրիլը եւ 6 մայիսը իրականութեան մէջ մէկ  թուական են եւ կը խտացնեն պատմութիւնը` հերոսութեան, զոհողութեան եւ ազատութեան. պատմութիւն մը, գրուած մեր հայրերուն կողմէ, իրենց արիւնով` ազատելու համար իրենց հայրենիքը, նահատակներու պատմութիւն մը, որ ապահովեց մեր պատմութիւնը:

Երբ թուրք կառավարութիւնը դատ բացաւ ձեզի դէմ, ուզելով որ դատուիք` քանի որ յարգեցիք ձեր նահատակները, որ նոյն ատեն մերիններն ալ են, ան նոյն ատեն պահանջեց, որ մեր մարտիրոսները իրենց գերեզմաններէն դուրս հանուին` անգամ մը եւս դատուելու եւ նուաստանալու համար:

Ես չեմ կրնար զատել ձեր մարտիրոսները մերիններէն: Անոնց դահիճը մէկ է, ինչպէս որ մէկ է անոնց դատը եւ պատգամը:

1913-ին առաջին արաբական համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ, որդեգրած էր հայերու պահանջները եւ միացուցած արաբներու պահանջներուն հետ, որոնք կը ձգտէին ազատութեան եւ անկախութեան: Այդ համագումարը զոյգ պահանջները արծարծեց միջազգային ատեաններու առջեւ:

Այս թուականէն ի վեր մեր ճակատագիրը նոյնն է:

Անոնք որ այսօր ձեզ կ՛ամբաստանեն, մե՛զ ալ ամբաստանած էին:

Լիբանանի մէջ տեղ չունին այն դատական ատեանները, որ կը դատապարտեն իրաւունքը եւ հայրենիքը: Մեր դատական ատեանները խորհրդանիշն են մեր փառքին:

Ձեր ցոյցը, ձեր նահատակներուն, ձեր իրաւունքին եւ արժանապատուութեան համար, կամ մեր ցոյցը` մեր նահատակներուն, մեր իրաւունքին եւ ազատութեան համար, աւելի պերճախօս եղաւ, աւելի զօրաւոր` քան որեւէ պաշտպանութիւն բռնատէրներու, անգութներու, արժանաւորութեան, անկախութեան եւ ազատութեան թշնամիներուն առջեւ:

Լիբանան երբե՛ք թոյլ պիտի չտայ ամենադոյզն միջամտութիւնը, որ ճամբայ կրնայ բանալ յարձակում մը մեր ազատութեան եւ անհատականութեան դէմ:

Լիբանանահայ մեր պաշտօնակիցները, որ թրքական կառավարութիւնը պահանջեց որ հետապնդուին, կը վայելեն նեցուկը լիբանանեան մամուլին ամբողջութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդը զանոնք կը հռչակէ անմեղ: Լիբանանի ժողովուրդը անոնց կուրծքին կը կախէ շքանշանը շնորհակալութեան եւ երախտապարտութեան:

Իմ հայ եղբայրներ եւ հայրենակիցներ, իմ լիբանանահայ պաշտօնակիցներ, յանուն այն արեան, զոր իմ հայրս թափեց զոհաբերումի խորանին վրայ` ազատագրելու համար Լիբանանը օսմանցիներէն, ես կը յայտարարեմ իմ միասնականութիւնս եղբայր հայ արեան, զոր ձեր հայրերը թափեցին, նոյնպէս զոհաբերումի խորանին վրայ` ազատագրելու համար ձեր հզօր ժողովուրդը:

Իմ համեստ գրիչս ձեր տրամադրութեան տակ է, քանի որ այս նպատակը, որուն համար մենք կը պայքարինք, մէ՛կ է: Ձեզ կ՛ողջունեմ մեր ազատութեան պաշտպանումին համար, ձեր ուժին համար, զոր ոչինչ կրնայ պարտութեան մատնել, ձեր անբիծ լիբանանցիութեան եւ իրական հայրենասիրութեան համար, ձեր պաշտպանութեանը համար, իրաւունքին, սրբազան ազատութեան, ձեր փայլուն միասնականութեան եւ ձեր երախտապարտութեան` հանդէպ ձեր մարտիրոսներուն:

Կեանքը կը պատկանի ձեզի եւ մեզի, Աստուծոյ շնորհքով»:

***

Պէյրութի արաբական մեծագոյն օրաթերթերէն «Էլ Ժարիտա»-ի մէջ տոքթոր Շահատէ Ղուսէյն «Դաս առէք» խորագիրով յօդուած մը ստորագրած է, ուր կ՛ըսէ.

«Անցեալ չորեքշաբթի առտու արդարութեան պալատն էի, հոն տեսայ հոծ բազմութիւն մը, որուն նմանը երբեք չէի տեսած դատարանին մէջ եւ դուրսը: Քանի մը հազարի հասնող բազմութիւն էր… Բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնցմէ մէկուն վրայ գրուած էր` «Լիբանանեան դատարանը վստահ ենք, որ պիտի ջլատէ թրքական ոտնձգութիւնը»: Ուրիշի մը վրայ` «Իրաւունքը միշտ վեր կը մնայ, կարելի չէ հասնիլ անոր բարձրութեան»: Տեսայ աննման կարգապահութիւն: Ղեկավարները, երբ կը հրահանգէին, ամէն ոք կը հնազանդէր անոնց: Բնական է, առանց ղեկավարութեան եւ հնազանդութեան` յառաջ կու գայ խուժան եւ խաժամուժ…: Ամէնքը մէկ սիրտ եւ մարմին էին: Մէկու մը հարցուցի, թէ ի՞նչ է այս,  պատասխանեց:

– Հայեր ենք, մամլոյ դատարանը ամբաստանած է հայկական երկու թերթերու պատասխանատու տնօրէնները, 1915-ի Մեծ եղեռնի մասին յօդուածներ հրատարակած ըլլալնուն համար, եւ թէ այդ յօդուածները նկատուած են Թուրքիոյ նախագահին նկատմամբ` պարսաւ եւ անուանարկութիւն:

Խօսակիցս աւելցուց.

– Հայկական բոլոր հոսանքները, յարանուանական թէ կուսակցական, երկու օրէ ի վեր մոռցած են իրենց տարակարծութիւնները, դարձած են միատարր եւ որոշած են ծառանալ այս հարցին հանդէպ, հակառակ անոր որ ճակատագրական հարց մը չէ: Պիտի ծառանանք, մոռնալով ամէն եսասիրութիւն, նախանձ, քէն ու ատելութիւն…: Ահաւասիկ կը տեսնես, հազարներ` գլխաւորութեամբ հայ երեսփոխաններու, որոնք իրենց զգացումները կ՛արտայայտեն զուսպ ու միակամ: Անոնք կ՛արտայայտեն իրենց միասնականութիւնը եւ համերաշխութիւնը հանրութեան առջւ, կէս դարէ աւելի առաջ պատահած դէպքի մը յիշատակին առջեւ:

Ամօթէս ծռեցի գլուխս, եւ սկսայ մտածել, թէ ի՞նչ է պատահածը մեր ընտանիքէն ներս, ուր կը տիրէ տարակարծութիւն, անհամաձայնութիւն եւ թշնամութիւն: Սատանայի մը ձեռքով, ողջ քաղաք մը կ՛այրի ու կը բռնկի: Հիացումով դիտեցի ցեղի մը զաւակները, բռնատիրութենէն եւ զուլումներէն հալածուածներ ու ապաստանեալներ հիւրընկալ ու ազատ Լիբանանի մէջ…, որոնք տաք սիրտ  գտան, բաբախող կուրծք գտան ու երախտագէտ եղան անոր հանդէպ: Ամէն տագնապի ու նեղութեան ժամանակ, Լիբանանի կողքին են:

Սակայն մենք… Ինչքա՜ն ամօթ, ո՞ւր ենք մենք:

Ղեկավարնե՛ր, քաղաքական ղեկավարներ, դուք, որ քաջ գիտէք եւ պայծառ կը տեսնէք, միայն սիրով եւ համերաշխութեամբ կրնանք հասնիլ փրկութեան եւ միայն անով կրնանք ձերբազատուիլ այլոց սրուած ախորժակներէն: Եղէք անկեղծ, գործեցէք միակամ ու համերաշխ: Աստուածային սիրով գործեցէք միշտ… ու դաս առէք արդարութեան պալատին մէջ ձեր տեսածէն»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES