«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնի՞խ, Թէ՞ Ռէալ Մատրիտ

Այսօր` երեքշաբթի, 29 ապրիլին, ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, կը յստականայ անունը առաջին խումբին, որ պիտի ապահովէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ տեղի ունենայ Պայէրն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ կիսաւարտականի դարձի մրցումը` Գերմանիոյ մէջ:

Ինչպէս ծանօթ է, տիտղոսակիր Պայէրն Միւնիխ երթին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ մը առաջ, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ մէջ:

Թէեւ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ, սակայն Ռէալ Մատրիտ կը նկատուի վտանգաւոր կազմ մը` նկատի ունենալով, որ անիկա մրցաշարքին կոլսքորըրն է` 11 մրցումի ընթացքին իր նշանակած 33 կոլերուն շնորհիւ:

Այդ 33 կոլերէն 14-ը նշանակած է Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, այսպիսով հաւասարելով Լիոնել Մեսսիի հաստատած մրցանիշին, որ 2011-2012 տարեշրջանին նշանակեց այդքան կոլ: Եթէ պատահի, որ փորթուգալցին այսօր կոլ մը եւս նշանակէ, պիտի հաստատէ նոր մրցանիշ մը:

Նախորդ շաբաթավերջին Օսասունայի դէմ («Լա լիկա») արձանագրուած յաղթանակէն (4-0) բացակայած Կերըթ Պէյլ եւ Քարիմ Պենզեմա այսօրուան մրցումին շատ հաւանաբար վերադառնան:

Չորս մարզիկներ` Մարիօ Մանտզուքիչ (Պայէրն Միւնիխ), Զապի Ալոնսօ, Ասիեր Իլլարամենտի եւ Սերճիօ Ռամոս (Ռէալ Մատրիտ), եթէ այսօր դեղին քարտ ստանան, աւարտական մրցումէն պիտի բացակային:

Նշենք, որ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը վաղը իրարու դէմ պիտի հանէ Չելսին եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Share this Article
CATEGORIES