Ֆութսալի Բարեկամական Մրցումի Մը. Լիբանան 8-2 Արդիւնքով Յաղթեց Քուէյթի

2804futsal-01Վիեթնամի մէջ յատուկ բանակում մը կատարող Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը 8-2 արդիւնքով յաղթեց Քուէյթի, հակառակ անոր որ իր կազմին մէջ ունէր քանի մը վիրաւոր մարզիկներ:

Քարիմ Ապու Զէյտ Ահմետ Խէյրէտտին եւ Ալի Ռըմէյթի նշանակեցին երկուքական կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Ալի Թանիշ եւ Մոհամետ Քպայսի:

Նշենք, որ Լիբանանի համար այս մրցումը կարեւոր էր, նախքան 2014-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին սկսիլը: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ 30 ապրիլէն 10 մայիս:

Share this Article
CATEGORIES