Լուիս Սուարես Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լուիս Սուարես (աջին)

Լուիս Սուարես (աջին)

Լիվըրփուլի յառաջապահ Լուիս Սուարես Անգլիոյ արհեստավարժ ֆութպոլիստներու ֆետերասիոնին կողմէ ընտրուեցաւ իբրեւ «փրեմիեր լիկ»-ի 2013-2014 տարեշրջանին լաւագոյն ֆութպոլիստը, կը յայտնէ «Տը կարտիըն»:

Երկրորդ դիրքը գրաւեց Չելսիի միջնապահ Էտըն Ազար, որ ստացաւ նաեւ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստի տիտղոսը:

Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Եայա Թուրէ:

Նշենք, որ ուրուկուէյցի Սուարես հանդիսացաւ «փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուած առաջին ոչ եւրոպացի ֆութպոլիստը:

Share this Article
CATEGORIES