Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Տարեշրջանը Պիտի Աւարտէ Չիլինկարեանի Հետ

2804arkadi_chilingaryanԱրարատի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է Արկադի Չիլինկարեան, որ մինչ այդ կը կատարէր աւագ մարզիչի պարտականութիւնները, կը յայտնէ ArmSport.am:

Չիլինկարեանին պիտի օգնեն Ֆելիքս Յակոբեանն ու Ալիոշա Աբրահամեանը, կը յայտնէ Արարատի պաշտօնական կայքը:

Աբրահամ Խաշմանեանի հետ միասին Արարատի մարզական կազմը լքած են նաեւ Աշոտ Գրիգորեանն ու Արմէն Տոնոյեանը:

Այս տարեշրջանին աւարտէն ետք Արարատ պիտի ունենայ իր նոր գլխաւոր մարզիչը, որ շատ հաւանաբար ըլլայ արտասահմանէն, կ՛եզրափակէ հայկական աղբիւրը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES