«Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք, Որպէսզի Յաջող Կերպով Հանդէս Գանք Համաշխարհային Ճատրակի Ողիմպիականին» Կ՛ըսէ Գաբրիէլ Սարգսեան

Գաբրիէլ Սարգսեան
Ինչպէս յայտնի է, այս օրերուն Ծաղկաձորի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականը` գլխաւորութեամբ մարզիչ Արշակ Պետրոսեանի:
Հայաստանի հաւաքականի փորձառու անդամ, ողիմպիականի եռակի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան ArmSport.am հայկական լրատուական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ օգոստոս 2014-ին Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի միջազգային ողիմպիականին Հայաստանի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Զրոյցին ընթացքին Սարգսեան ըսաւ.
«Հաւաքականը Ծաղկաձորի մէջ ներկայ է ամբողջական կազմով: Բոլորն ալ գիտեն, որ հոս մեր հանդիպման աւանդական վայրն է:
«Կը կարծեմ, որ մեր խումբը այժմէն իսկ բարձր տրամադրուած է այդ ողիմպիականին եւ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի յաջող կերպով հանդէս գայ, եւ անգամ մը եւս պատուով ներկայացնենք Հայաստանը եւ ի հարկէ ուրախացնենք մեր ճատրակասէրները:
«Իմ եւ խմբակիցներուս մարզավիճակը բաւական լաւ է: Բոլորն ալ կը փորձեն այնպէս մը ընել, որ ողիմպիականին մօտենան լաւագոյն մարզավիճակի մէջ եւ ինչու չէ, չորրորդ անգամ ըլլալով տիրանան տիտղոսին»:

