Հայաստան – Ալճերիա Ֆութպոլի Մրցումին Վայրը Փոխուեցաւ

2804sion_stadium31 մայիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ալճերիոյ դէմ` Զուիցերիոյ մէջ:

Սկիզբը նախատեսուած էր այս մրցումը կայացնել Ժընեւի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ժընեւ» մարզադաշտին վրայ: Սակայն ինչպէս կը յայտնեն ալճերիական լրատուամիջոցները, կազմակերպական պատճառներով որոշուեցաւ այս հանդիպումը տեղափոխել Սիոն:

Այդ քաղաքի «Տերպիոն» մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 16 հազար հանդիսատես, թիւ մը, որ գրեթէ երկու անգամ աւելի քիչ է, քան` «Սթատ տը Ժընեւը»:

Լուրը հաղորդող ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ 25 մայիսին Հայաստանի հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իրաքը, իսկ 6 յունիսին Մայնցի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ աշխարհի եռակի ախոյեան Գերմանիոյ:

 

Share this Article
CATEGORIES