Պերլուսքոնի Մերժեց 300 Միլիոն Եւրօ Արժող Առաջարկ Մը

2804silvio_berlusconiԱ. Սէ. Միլանի նախագահ Սիլվիօ Պերլուսքոնի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր ակումբը չ՛ուզեր ծախել Փիթըր Լիմին, կը յայտնէ ArmSport.am` իր լուրը քաղելով as.com կայքէն:

Սինկափուրցի գործարարը ակումբին բաժնետոմսերուն 51 առ հարիւրին համար առաջարկեց 300 միլիոն եւրօ: Սակայն Պերլուսքոնի ըսաւ, որ պատրաստ է ծախել միայն անոնց 30 առ հարիւրը:

77 տարեկան Պերլուսքոնի, որ անցեալին Իտալիոյ վարչապետ էր, Ա. Սէ. Միլանը գնեց 1986-ին:

Անոր ղեկավարութեամբ անցնող 28 տարիներուն ընթացքին ակումբը 8 անգամ հանդիսացած է Իտալիոյ ախոյեան եւ 5 անգամ ալ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր:

Share this Article
CATEGORIES