Ինքնորոշման Իրաւունքի Մեծապետական Շահագործումը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

KH_victoryԵրբ Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ կռնակ դարձուց Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ծրագրի առաջարկին եւ միացաւ Մոսկուայի նախաձեռնած Մաքսային միութեան, իր ռուս գործընկերը`  Վլատիմիր Փութին հաւատաց, որ Արեւմուտքի հետ ազդեցութեան գօտիներու ամրապնդման մրցակցութեան մէջ վերջնական յաղթանակ մը արձանագրած է: Միջազգային դէտերու համար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 3 սեպտեմբեր 2013-ի նոյնատիպ առաջարկը, որ հրապարակուեցաւ, յիշեցնենք` նախագահի Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին, անակնկալի բերաւ բոլորը, նախանշան մը եւ յստակ պատգամ մըն էր:

Երեւան արդէն չորս տարիէ ի վեր Պրիւքսէլի հետ կը բանակցէր համաձայնագիրին շուրջ, եւ հայրենի դիւանագէտներուն համար կասկած չկար, որ Մոսկուա թոյլ պիտի տար Հայաստանին փոխլրացման այս փոքրիկ փորձը կատարել: Ի վերջոյ, Կովկասի մէջ Ռուսիա միայն Հայաստանն ունի որպէս ռազմավարական դաշնակից, ուր իր զինուորական խարիսխի ներկայութիւնը պայմանագրով երաշխաւորուած է մինչեւ դարուս կէսերը առնուազն: Յետոյ, Հայաստանի ուժանիւթային եւ տնտեսական կախուածութիւնը այնքան բացարձակ էր Ռուսիայէն` շնորհիւ ռուս մեծ դրամագլուխին ամէն ինչ այնքան հեշտութեամբ վաճառելու «կարգապահութեան», որուն այնքան համակերպած կը թուին ե՛ւ ներկայ իշխանութիւնները, ե՛ւ անոնց հետ միաձուլուած սակաւապետական վերնախաւը, որ Մոսկուա մտահոգուելու պատճառ չունէր, առանց տակաւին խօսելու այն երկու միլիոն հայութեան մասին, որ կայք հաստատած է Ռուսիոյ բոլոր անկիւնները:

Երեւի այս բոլորը նկատի առնելով էր, որ հայրենի դիւանագիտութիւնը այն խաբկանքը ունէր, որ Մոսկուա թոյլատու պիտի ըլլար Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան  համաձայնագրի ստորագրութեան, որ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշինքն ու Երեւան-Պրիւքսէլ յարաբերութիւնները իրարու հակասելու խնդիր չկար, կամ, առնուազն, հիւսիսի մեծ եղբայրը այնքան վստահութիւն պիտի ունենար իր դաշնակիցին վրայ, որ մեծահոգութեան ժեսթ մը պիտի ընէր: Ի վերջոյ, ի՞նչ կշիռ ունէր Հայաստանի տնտեսութիւնը Մաքսային միութեան միւս անդամներուն համար, կամ` ի՞նչ վտանգ կրնային ըլլալ եւրոպական արժէքները, որոնք եթէ մէկ կողմէն ժողովրդավարութեան հանդէպ քիչ մը աւելի յարգանք ու լրջութիւն պիտի պարտադրէին, միւս կողմէ` աւելի պիտի խստացնէին տնտեսական ուղղափառութեան կանոնները:

KH_protestԲայց, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, երբ Մոսկուա մեծապետական մրցակցութեան մէջ է, զերոյի հաւասարացման տրամաբանութեամբ կը խաղայ եւ անողոք է մանաւանդ իր ամէնէն հաւատարիմ եւ իրմէ ամէնէն աւելի կախուած դաշնակիցներուն հանդէպ, որոնց ե՛ւ փրկիչ, ե՛ւ դահիճ ըլլալու փաստը տուած է: Այս անգամ ալ տարբեր չեղաւ: Կրնանք վստահ ըլլալ, որ նախագահ Սարգսեան թէկուզ եւ փորձեց, բայց անկարելի եղաւ Փութինը համոզել: Տակաւի՛ն, Հայաստանի որոշման վրայէն Մոսկուա ոչ միայն լուռ անցաւ, արժանի չըրաւ հրապարակային գնահատանքի, այլ սեղմումները շարունակուեցան ու կը շարունակուին, ի դէմս, օրինակի համար, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի ժխտական յայտարարութիւններուն, կամ` Ռուսիա կեցութեան օրէնքներու խստացման: Կայսերական ծանօթ վարքագիծն է, որ եթէ մօտիկ անցեալին համայնավարական ամբողջատիրութեան ճնշումով կ՛արտայայտուէր, այսօր վայրագ դրամատիրութեան տրամաբանութեամբ կը գործէ:

Կը մնայ, որ Մոսկուայի հիմնական պատգամը ուղղուած էր Քիեւին: Զերօ խաղի տրամաբանութեան համաձայն, եթէ Հայաստանին թոյլատրուէր ե՛ւ դաշնակից մնալ Ռուսիոյ, ե՛ւ կապեր հաստատել Եւրոպական Միութեան հետ, կրնար սխալ ընկալուիլ Եանուքովիչին եւ անոր դաշնակից սակաւապետներուն կողմէ, որոնք պիտի ուզէին նոյնը ընել: Ուքրանիոյ նախկին նախագահին հաւատարմութեան հանդէպ շատ կասկած չունէր Մոսկուա, եւ նոյնինքն Եանուքովիչը եթէ հակուած ըլլար ե՛ւ Եւրոպայի հետ համաձայնագիր կնքելու, ե՛ւ հիմնականին մէջ Ռուսիոյ հետ սերտացնելու իր կապերը այդ մէկը հաւանաբար ընէր նաեւ ընդդիմութեան, քաղաքացիական հասարակութեան մօտ իր վարկը բարձրացնելու համար: Բայց այդ մէկը ռիսք էր Մոսկուայի համար: Ի վերջոյ, Ուքրանիա անցած էր «գունաւոր յեղափոխութեան» փորձառութենէն, երկրի կէսէն աւելին կը հաւատար, որ իր ինքնութիւնը շատ աւելի մօտ է Արեւմուտքին, քան Ռուսիոյ, եւ ազգայնական տարրերը դեռ ոխակալ կը մնային: Յետոյ` առանց Ուքրանիոյ Եւրասիական Միութեան փութինեան ծրագիրը իսկապէս աշխարհաքաղաքական իմաստով նոյն իմաստը պիտի չունենար. միայն Ուքրանիան այդ ծրագրին մէջ ներգրաւելով է, որ ռուսական եւրասիականութիւնը, կամ, այլ բառերով, տարածաշրջանային ազդեցութեան գօտիի ամրագրումը հաստատութենական  կառոյցներով, կրնար լիիրաւ արտայայտուիլ:

KH_molotivՀետեւաբար, եւ ի տարբերութիւն Հայաստանի, Եանուքովիչի Եւրոպան արհամարհելու քայլը ողջունուեցաւ եւ անմիջապէս վարձատրուեցաւ Քրեմլինի կողմէ. 15 միլիառ տոլարի փոխատուութեամբ եւ արդէն զեղչով ծախուած բնական կազի գինի առաւել նուազումով:

Բայց ուքրանացի սակաւապետները ժամանակ չունեցան այդ ֆինանսներու սեփականացումը տօնելու: Քաղաքացիական հասարակութիւնը մերժեց կատարուած իրողութիւնը, զօրաշարժը վերածուեցաւ ըմբոստութեան, որուն համար, դարձեալ ի տարբերութիւն Հայաստանի, ոչ միայն արեւմտեան զօրակցութիւն ու ֆինանսաւորում կար, այլ չուշացան իշխանափոխութենէն ետք տնտեսական նեցուկի խոստումները: Եանուքովիչ ճնշեց, սպաննեց, փորձեց համաձայնիլ, բայց ի վերջոյ իշխանութենէն հեռացաւ եւ, շատ հաւանաբար, ապաստանեցաւ Ռուսիա: Անոնք, որոնք Քիեւի մէջ իշխանութիւնը իրենց ձեռքերուն մէջ առին, միայն եւրոպական արժէքներու պաշտպանները չէին: Ընդհակառա՛կը, ծայրայեղ ազգայնական եւ նոյնիսկ ֆաշական խմբաւորումներու այլամերժ յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները, որոնք, ի դէպ, այնքան կը յիշեցնեն Վրաստանի առաջին նախագահ Կամսախուրտիայի յիմար վերաբերմունքը… շուտով այս բոլորին հակազդելու շատ հաւանաբար պատրաստուած Քրեմլին: Քիեւի մէջ իշխանափոխութիւնը ոչ ամբողջ հասարակութեան սրտին կը խօսէր. երկրի արեւելեան շրջանները, ռուսախօս եւ ուղղափառ, անհանգստանալու սկսան եւ Քիեւէն զանոնք ներգրաւելու յայտնի կամ ազդեցիկ քաղաքականութիւն մը կամ յայտարարութիւն մը չեղաւ կամ հնչեղութիւն չունեցաւ: Ընդհակառակը, Մոսկուա շատ արագ կերպով շահագործեց ռուսամէտ հատուածին մտավախութիւնները եւ անոնց հիման վրայ հակադարձեց: Այդուհանդերձ, Քրեմլինի հակադարձութիւնը որպէս հրամայական ինքնին կը յուշէ, որ Ուքրանիան Եւրասիական Միութեան արդէն անդամ կարծելու Փութինի յաղթանակի սկզբնական համոզումը այնքան ալ ճիշդ դուրս չեկաւ:

KH_RUSSIAԽրիմի մէջ մարտ 16-ի հանրաքուէն, անոր արդիւնքն ու ռուսական հակազդեցութիւնը արդէն ծանօթ բեմագրութիւն կը թուին: Սահմանադրականօրէն այդ իրաւունքն ունեցող Խրիմը պարզ է որ նաեւ ռուսական ուժային ցուցադրութիւն էր: Թէ որքանով անջատման թեր ինիսուն տոկոսի քուէները կ՛արտայայտեն թերակղզիի բնակչութեան կամքը, առնուազն հարցական է: Յստակ է միայն, որ այս հանրաքուէն, թէկուզ եւ սահմանադրական, ազատ ու թափանցիկ քուէարկութեան մը արդիւնքը ըլլալէ շատ հեռու է: Մինչեւ քուէարկութիւն եւ անկէ անմիջապէս յետոյ Քրեմլինը ե՛ւ Խրիմի, ե՛ւ Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններու, ե՛ւ Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ ռուսական այլ մեծ քաղաքներու մէջ ազգայնականութեան հրապարակային արտայայտութիւնները բազմացուց: Բայց Խրիմի դիմումին` մաս կազմելու Ռուսիոյ, Փութին պատասխանեց Խրիմի անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագրով մը: Պատգամը` դարձեալ Արեւմուտքին, բայց այս անգամ շատ աւելի դիպուկ կերպով Քիեւին է. Խրիմը 1991-ի նման դիւանագիտական առուծախի առարկայ պիտի չըլլայ, անոր իրաւական անկախութենէն ետդարձ դժուար թէ կատարուի: Սպառնալիքը պարզ է. ինքնորոշման իրաւունքի միեւնոյն խաղաքարտը կարելի է օգտագործել երկիրը մասնատելու համար:

Խրիմի պատերազմը 1853-1856 տասնիններորդ դարու ամենայատկանշական իրադարձութիւններէն մէկն էր: Խրիմէն ցարական կայսրութիւնը ատեն մը կը յաւակնէր ազատագրել Կոստանդնուպոլիսը եւ վերահաստատել Երկրորդ Հռոմը: Բայց այդ պատերազմին, որուն վկայ եղաւ Թոլսթոյ` հետագային գրելու համար իր կոթողային «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն»-ը, Ռուսիա իր դէմ գտաւ Եւրոպայի «Հիւանդ մարդ»-ուն զօրակցութեան փութացած Անգլիան ու Ֆրանսան` յանուն սրբութիւն սրբոց ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանումին: Խրիմի պատերազմի սկիզբէն 160 տարի յետոյ աշխարհաքաղաքական այդ նոյն տարածաշրջանին մէջ պիտի հաստատագրուի՞ քսանմէկերորդ դարու ուժերու միջազգային հաւասարակշռութեան նոր կառոյցը եւ Ատլանտեանի երկու ափերը իրարու միացնող Արեւմուտքը պիտի աւարտի՞ հոն, ուր նոր ծնունդ առնող Եւրասիոյ սահմանը պիտի դրուի: Այդ մասին պիտի խօսին եկող օրերու իրադարձութիւնները: Խրիմի հանրաքուէն, սակայն, կրկին անգամ լուսարձակի տակ առաւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, անգամ մը եւս, դժբախտաբար, որպէս մեծապետական մրցակցութեան խաղաքարտի: Հետեւաբար, ճիշդ չէ սկզբունքային պարզունակ զուգահեռ մը գծել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի գործածութեան եւ Խրիմի մէջ այդ սկզբունքի գործադրման միջեւ:

Խրիմի հայութիւնը, ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, անջատման թեր քուէարկած է: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց` ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատումը կատարելով, միաժամանակ մաղթելով, որ Խրիմի քաղաքական ճգնաժամը լուծում գտնէ խաղաղ եւ օրինական ճանապարհով: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը հասկնալիօրէն աւելի զգուշաւոր էր:

Խրիմի անկախութիւնը ճանչնալու հարց պիտի դրուի՞ Հայաստանի առջեւ, հասկնալիօրէն` Ռուսիոյ կողմէ: Յստակ է, թէ որքան ալ որ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը արցախեան հիմնախնդրի լուծման ենթահողն է, Մոսկուայի կողմէ անոր նման շահագործումը Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն համար դրական չէ բնաւ: Խրիմի անկախութեան (առայժմ) միակողմանի ճանաչումը Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւններու ճանաչման տրամաբանութեան մէջ կ՛իյնայ: Ռուսիոյ այս վերաբերմունքը հակազդեցութիւնն է արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր միակողմանի միջամտութիւններով ինքզինք աշխարհին պարտադրող Միացեալ Նահանգներու մեծապետական վերաբերմունքին, որուն յաճախ մեղսակից են Եւրոպայի պետութիւնները: Այդ վերաբերմունքը մասնաւորաբար գրգռեց Մոսկուային 2008 փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումով: Ճիշդ է, ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները շատ աւելի համոզիչ կերպով միջազգային օրէնքի սահմաններուն մէջ շարժեցան Քոսովոյի պարագային եւ ոչ միայն ՄԱԿ-ի ճամբով ըրին ամէն ինչ, այլ նաեւ յայտարարեցին, որ պարագան նախընթաց պիտի չստեղծէր եւ յատուկ էր միայն Քոսովոյի: Այդ մէկը, պարզ է, Քրեմլինի համար նշանակութիւն չունէր: Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ հիմա Խրիմ` Ռուսիան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրման ի՛ր տարբերակն է, որ կը պարտադրէ` առաւելի իմաստազրկելով սկզբունքը:

Արցախը առաջինը եղաւ, որ ինքնորոշման իրաւունքը սահմանադրականօրէն, խաղաղ պայմաններու մէջ եւ առանց արտաքին որեւէ միջամտութեան, ժողովրդային հանրաքուէի ճամբով գործադրեց: Օրին Քրեմլինը կառչած մնաց սահմաններու անփոփոխութեան, որ համազօր է տարածքային ամբողջականութեան: Սահմանային փոփոխութիւնները համայնավարութիւնը կառուցողներու տրամաբանութեամբ, միայն Համայնավար կուսակցութեան Քաղբիւրոն կը կատարէր, վկայ` Խրուշչեւի կողմէ Ուքրանիոյ նուէր տրուած Խրիմը, որ հիմա Ռուսիա կը վերապահանջէ որպէս իր պատմական տարածքին մէկ մասը… Արցախեան հիմնախնդիրը Մոսկուայի համար ինքնորոշման իրաւունքով երբեք չսահմանուեցաւ: Մինսքի խմբակը, որ այն ատեն ճիշդ որոշումով ներգրաւեց նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, տագնապի երկու կողմերուն միջեւ միշտ հաւասարութիւն պահելու նախանձախնդրութեամբ լաւագոյն պարագային երկու սկզբունքները` ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն, իրարու հաւասարեցուց, ի հարկին աւելի կշիռ տալով երկրորդին: Մինսքի խմբակին մէջ ալ Ռուսիա մասնաւոր ճիգ մը չ՛ըներ ինքնորոշման իրաւունքը Արցախին ի նպաստ գործածելու ուղղութեամբ:

Ինքնորոշման իրաւունքի այս միջազգային խեղաթիւրումը կրնայ կասեցուիլ միայն եթէ Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ հիմա Խրիմ, որպէս իրողական անկախ պետութիւններ, քայլ առնեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հաստատագրման ուղղութեամբ: Կամ` եթէ Սկովտիոյ կամ Քաթալոնիայի մէջ այս տարի սպասուող անկախական հանրաքուէներուն նախաձեռնող կողմերը այնքան յանդուգն ըլլան, որ ոչ պաշտօնական կամ այսպէս կոչուած «երկրորդ ուղի»-ի դիւանագիտութեան ճամբով կապեր հաստատեն ինքնորոշման իրաւունքին դիմած ժողովուրդներուն հետ: Տակաւի՛ն, կարելի է մտածել քիւրտերուն մասին` Իրաք եւ Սուրիա: Այն ատեն միայն միջազգային բեմին վրայ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի օրինական գործընթացի մը բանաձեւման յոյսը կարելի է տեսնել:

 

Share this Article
CATEGORIES