Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիտի Մեկնի Պահրէյն Եւ Ապա Վատիկան
Կիրակի, 4 մայիսին, Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի մեկնի Պահրէյն` ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեան յանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Սիմոնեանի:
Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է իբրեւ գլխաւոր դասախօս միջազգային համագումարի մը` կազմակերպուած Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆայի կողմէ: Վեհափառը պիտի խօսի կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մասին: Թենի Սիմոնեան եւս դասախօսութիւն մը պիտի տայ:
Պահրէյն կեցութեան օրերուն վեհափառ հայրապետը հանդիպում պիտի ունենայ հոն հաստատուած հայ գաղութի անդամներուն հետ` ներկայութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանի:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը մայիս ամսուան վերջերուն պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ նաեւ Վատիկան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

