Հայ Աշակերտները Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Փոքր Ծիծեռնակաբերդին Մէջ
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի նախօրէին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը նախաձեռնութիւնը առաւ դպրոցին շրջափակին մէջ տեղադրելու Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշարձանը, որուն առաջին ներկայացումը եւ օրհնութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 15 ապրիլին` ձեռամբ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:
Այս առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը երէկ հրաւիրեց լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութիւնը` յարգելու համար հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Սոյն հանդիսութիւնը կը վայելէր նախագահութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, ինչպէս նաեւ հովանաւորութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին:
Հանդիսութեան ներկայ էին վերոնշեալ մարմինի ներկայացուցիչները, հայկական վարժարաններու տնօրէններ եւ աշակերտներ, կղերական անձնաւորութիւններ եւ ծնողներ:
Բացման խօսքով, 11-րդ դասարանի աշակերտ Կալինա Ֆեներճեան ըսաւ. «Այս տարի վարժարանի շրջափակին մէջ տեղադրեցինք Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտը` իբրեւ արտայայտութիւն ոչ միայն մեծարանքի, այլ նաեւ պահանջատիրութեան եւ վճռականութեան, թէ որքան ալ երկար տարիներ անցնին, մենք պիտի վերատիրանանք մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն»:
Աշակերտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ դեսպան Քոչարեան նախ բարձր գնահատեց վարժարանին նախաձեռնութիւնը, ապա անդրադարձաւ վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Մեծ եղեռնի 99-րդ տարելիցի ոգեկոչումներուն, «որոնցմէ ամէնէն տպաւորիչը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական երիտասարդական մարմինի կազմակերպած մոմավառութեան երթն էր, իսկ կարեւորագոյն քաղաքական նշանակութիւն ունեցող զարգացումներէն մէկն էր նաեւ Լիբանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կողմէ տպագրուած` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նամականիշը»: Դեսպան Քոչարեան խօսեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութեան մասին:
Աւարտին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի հրաւէրին ընդառաջող հիւերուն: Պոյաճեան ըսաւ, թէ «իբրեւ հայ, մեր պարտաւորութիւնն է մեր վարաժարաններուն մէջ աշակերտները սնուցել հայաշունչ ոգիով, որուն դրսեւորումն է այս փոքր Ծիծեռնակաբերդը, որ մեր վարժարանը վերածեց փոքր Հայաստանի»:
Ներկայ հիւրերը եւ աշակերտները հերթաբար մուտք գործեցին յաւերժութեան տաճար, ուր ծաղիկ զետեղեցին հայութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն անթառամ յիշատակին:

