Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 2-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ Թատամոնի Վրայ

Թատամոն - Սաժես երէկուան մրցումէն PROFOTO

Թատամոն – Սաժես երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Սաժես 87-76 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Թատամոնի վրայ:

Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 19-31, 38-49, 53-67 եւ 76-87:

Սաժեսի եւ մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Տուարիք Սփենսըր` 26 կէտ եւ 9 ռիպաունտ, մինչ անոր խմբակից Քրիս Տենիըլզ` 24 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի մինչեւ շաբաթավերջ տեղի ունենալիք մրցումներուն, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կատարեց կարգ մը փոփոխութիւններ:

Մրցումներուն բարեփոխուած յայտագիրն է.

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 30 ԱՊՐԻԼ  ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Մութթահետ – Պիպլոս 19:00 Սաֆատի
ՈՒՐԲԱԹ, 2 ՄԱՅԻՍ
ՀՄԸՄ – Ամշիթ 18:00 Աղբալեան
Պիպլոս – Մութթահետ 18:00 Պիպլոս
ՇԱԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ
Սաժես – Թատամոն 17:00 Ղազիր
Ռիատի – Շանվիլ 17:00 Մանարա
ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՄԱՅԻՍ
Ամշիթ – ՀՄԸՄ 17:00 Ամշիթ
Share this Article
CATEGORIES