«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պայէրն Միւնիխը Եւ Հասաւ Աւարտականին

Սերճիօ Ռամոս

Սերճիօ Ռամոս

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ տիտղոսակիր Պայէրն Միւնիխ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը:

Երթին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Պայէրն անգամ մը եւս պարտուեցաւ իր մրցակիցէն, այս անգամ սակայն քիչ մը ամօթալի կերպով` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Պայէրնը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Սերճիօ Ռամոս (16-րդ եւ 20-րդ) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (34-րդ եւ 90-րդ):

Ռէալի մարզիկներէն Զապի Ալոնսօ, որ 38-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ, աւարտական մրցումին կախակայուած է:

Նշենք, որ աւարտականին Ռէալ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ Չելսի – Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին յաղթականը:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երթ` 0-0:

Share this Article
CATEGORIES