Ռուսամէտ Ցուցարարներ Լուհանսքի Մէջ Կառավարական Կեդրոնատեղին Գրաւեցին

2904LuhanskՌուսամէտ ցուցարարներու մեծ բազմութիւն մը գրաւեց արեւելեան Ուքրանիոյ Լուհանսք քաղաքի շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղին:

Հետագային «Հանրաքուէ, Ռուսիա» բացագանչող ցուցարարներ կեդրոնատեղիին վրայ ռուսական դրօշ մը բարձրացուցին: Մինչեւ հիմա անոնք քաղաքին մէջ Պետական ապահովական ծառայութեան գրասենեակը գրաւած էին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ բարձր ճարտարագիտութեան մարզը թիրախ դարձնելով «իրողապէս «երկաթեայ վարագոյր մը իջեցուցած են»: Ան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը իր սեփական պատժամիջոցները ընդլայնելով փաստեց, որ «Ուաշինկթընի ձեռքին տակ է»:

Ռիապքով նաեւ շեշտեց, որ Ռուսիա արեւելեան Ուքրանիա ներխուժելու որեւէ մտադրութիւն չունի:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի փոխնախագահ Անտրէյ Մակերա յայտարարած է, որ յանձնախումբը պատրաստ է 15 յունիսին շրջաններու իրաւունքներու ընդլայնման հարցով համաուքրանական հանրաքուէ կատարելու, եթէ խորհրդարանը համապատասխան որոշում որդեգրէ:

Մակերա նաեւ նշած է, որ հանրաքուէն 25 մայիսի արտակարգ նախագահական ընտրութեան հետ միաժամանակ կատարելը քիչ հաւանական է, ատիկա կրնայ կայանալ միայն 15 յունիսին:

Share this Article
CATEGORIES