Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման Վատիկանէն վերադարձան Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ, հանդիպելէ ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի, անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կատարել` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ խուսափելու համար անիշխանութենէն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի եւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ դեսպաններ Փաթրիս Փաուլին եւ Ինան Էօզեըլտըզը, որոնց հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ հանրապետութեան ապագայ նախագահը պէտք է Լիբանանի շահերուն համար օգտագործէ Դիմադրութեան ուժը:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ միջադէպերուն առումով 10 հոգի ամբաստանած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւն մը անհաւանական է, որովհետեւ իրենք իրենց դաշնակիցներուն չեն դաւաճաներ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանցի լրագրողներուն վերջ տալու իրենց դէմ Միջազգային դատական ատեանին բանեցուցած ճնշումին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ համաձայն են, որ զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի. ան աւելցուց, որ իրենք այս իմաստով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքին կը սպասեն:

ՊՔԵՐՔԷԻ յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ֆրանչիսկոս պապին պիտի ընկերակցի դէպի Յորդանան եւ Երուսաղէմ կատարուելիք հովուապետական այցելութեան մը շրջագիծին մէջ եւ ոչ թէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու իբրեւ նախաքայլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ոչ ոքի դէմ վեթօ դրած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ իրենք նախագահական ընտրութեան պիտի չմասնակցին, եթէ ամբողջական համախոհութիւն չգոյանայ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է կասեցնէ մսխումներն ու փտածութիւնը` երաշխաւորելու համար աշխատավարձերու յաւելումները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին երեսփոխանական ընտրութեանց համար համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծի մը վաւերացման:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն խանգարելու համար նախագահական ընտրութիւնները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է մտածէ, թէ ինք զէնքով եւ անկրթութեամբ կրնայ սպառնալ նահատակներու ընտանիքներուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կուսակցութեան երեսփոխան Ամին Ժեմայէլի թեկնածութիւնը սովորական է եւ ան պիտի մասնակցի ընտրապայքարին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը փնտռէ հանրապետութեան տկար նախագահ մը, որուն վրայ կարենայ ճնշում բանեցնել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի փոխարէն Հըզպալլա ունի այլ թեկնածու մը, որն է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա մտահոգ է, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը կրնայ չկատարուիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES