Ռումիէի Բանտին Մէջ Դարձեալ Ըմբոստութիւն Կ՛արձանագրուի

Photo The Daily Star

Photo The Daily Star

Ռումիէի բանտին մէջ երէկ յետմիջօրէին ծագեցաւ ըմբոստութիւն մը` բողոքելու համար արգելափակեալներուն դէմ ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն դէմ:

Բանտարկեալները իրենց արգելարանները հրկիզեցին, իսկ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հրշէջները կազմ ու պատրաստ սպասեցին միջամտելու եւ հրդեհը հակակշիռի տակ առնելու:

Ըմբոստութեան պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Share this Article
CATEGORIES