Վարչապետ Սալամ. «Չենք Փափաքիր Անիշխանութեան Լեղի Բաժակէն Ըմպել»

Լրագրողներու ակումբի պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն պահ մը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լրագրողներու ակումբի վարչական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ Եուսեֆ Հուայեքի:
Պատուիրակութիւնը վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր յանգիլ անիշխանութեան եւ ըմպել անիշխանութեան լեղի բաժակէն:
Սալամ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ ընկերային պահանջներու վերջերս ծագած ալիքը արդիւնք է երկրին ապահովական կայունութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

