Պըրրի – Արիտի Հանդիպում

Արիտի եւ Պըրրի

Արիտի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Արիտի բարձր գնահատեց Պըրրիի իմաստուն կեցուածքը, ինչպէս նաեւ անոր ազգային քաղաքական փորձառութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մարուան Շարպել. քննարկուեցան տեղական զարգացումները:

Յետմիջօրէին Պըրրի ընդունեց ելեւմուտքի եւ առողջապահութեան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլն ու Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ Պըրրի այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի նախագահէ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստին:

Share this Article
CATEGORIES