Հարիրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պասիլի Հետ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուէր, որ Հարիրի Ֆրանսայի մէջ հանդիպում մը ունենար նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ:
Նախքան Լիբանան իր վերադարձը, Ապու Ֆաուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան

