Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Գործադրեց Բազմամարդ Ցոյց Մը
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ գործադրեց նստացոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեց պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարի վաւերացումը` առանց սահմանափակ եկամուտ ունեցող եւ համեստ դասակարգին պատկանող քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու:
Նշենք, որ խորհուրդը գործադրեց իր նախաձեռնած ցոյցը, որ սկսաւ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` Կեդրոնական դրամատան դիմացէն, ապա ուղղուեցաւ դէպի Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատ, ինչպէս նաեւ Դրամատուներու միութեան կեդրոն, հասնելով մինչեւ Ռիատ Սոլհի հրապարակ:
Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ բարեկարգում պատճառաբանելով պէտք չէ ապօրինութիւններ գործել: Ան շեշտեց, որ իսկական բարեկարգումը այն է, երբ յաւելումներուն գումարները նաւահանգիստին տուրքերը կասեցնելով կարելի կ՛ըլլայ ապահովել:
Իր կարգին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց իրենց իրաւունքները պահպանող յաւելումներու վաւերացումը, ինչպէս նաեւ առողջապահական ապահովագրութեան ֆինանսաւորումն ու դեղօրայքի ապահովումը:
Ղարիպ ընդգծեց մեծահարուստներուն տուրքերու յաւելումը, ինչպէս նաեւ պետական դպրոցներուն մակարդակի բարձրացումը:
Նշենք, որ գործադուլ-դասադուլին մասնակցեցան Ժիպէյլի, Ալէյի եւ Աքքարի դպրոցներն ու երկրորդական վարժարանները, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու քաղաքապետարաններն ու պետական կարգ մը հաստատութիւններու պաշտօնեաները:

