Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Ժողովը Բանաձեւ Ընդունեց` Ի Պատիւ Հայերուն Օգնութիւն Ցուցաբերած Ամերիկացիներուն
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի արեւմտեան բաժինի մամլոյ ծառայութիւնը News.am-ին յայտնեց, որ ամերիկեան Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդրական ժողովը միաձայնութեամբ բանաձեւ ընդունեց ի պատիւ Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէի ակնառու ծառայութեան եւ այն ամերիկացիներուն, որոնց օգնութեամբ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած 132 000 որբ երեխաներ մարդասիրական օգնութիւն ստացած են:
Բանաձեւի նախագիծի հեղինակ, օրէնսդրական ժողովի անդամ Եան Քալտերօ Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէի գործունէութեան խորապատկերը ներկայացուց: Ան նշեց, որ անիկա Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ լիազօրութիւններ ստացած ամէնէն հին ոչ կառավարական մարդասիրական կազմակերպութիւնը եղած է, որուն նախաձեռնութեամբ աւելի քան հազար ամերիկացի կամաւորներ ձգած են իրենց յարմարաւէտ կեանքը եւ ամբողջ աշխարհը շրջագայած են` օգնութեան տրամադրման ջանքերուն մէջ իրենց ներդրումը ունենալու համար: Անոնք աւելի քան 132 000 որբ երեխաներ եւ մէկ միլիոն տոլարի չափով օգնութիւն հաւաքած են եւ ըստ կարիքներու տրամադրած: Ըստ Քալտերոնի, Քալիֆորնիոյ մէջ այդ գործողութիւնները ղեկավարած են պետական պաշտօնակատարներ, ինչպէս` Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Ճէյմս Ռոլֆ կրտսերը եւ կոմիտէի` Քալիֆորնիա նահանգի ղեկավար, դատաւոր Քերթիս Վիլպուրը:
Ելոյթի աւարտին Եան Քալտերօ արժեւորեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան բաժինին կողմէ կազմակերպուած «Ամերիկա, մենք շնորհակալ ենք քեզի, հայերու տուրքը Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէին» անունով քարոզարշաւը` ըսելով, որ ատիկա նպատակ ունի շնորհակալութիւն յայտնել այն օգնութեան համար, որուն շնորհիւ բազմաթիւ հայեր փրկուած են ցեղասպանութենէն:

