2011-Ի ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ՊՐԱԶԻԼ, ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ՇՈՒԷՏ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Միացեալ Նահանգներու մարզիկները կը տօնեն իրենց նշանակած կոլը

2011-ի աղջկանց Մոնտիալի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ, որոնց ընթացքին Պրազիլ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Նորվեկիոյ, իսկ Աւստրալիա` Կինէայի (3-2): Այսպիսով, Դ. խմբակին մաս կազմող Պրազիլ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:

Իրենց երկրորդ յաղթանակը արձանագրեցին նաեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Շուէտ (Գ. խմբակ), որոնք յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Քոլոմպիան (2-0) եւ Հիւսիսային Քորէան (1-0):

Վերոնշեալ երեքին նման ցարդ երկուքական յաղթանակ արձանագրած են նաեւ Ֆրանսա, Գերմանիա (Ա. խմբակ) եւ Ճափոն (Բ. խմբակ):

Share this Article
CATEGORIES