ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ». ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅ` ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԿԱԶՄԷՆ

Դաւիթ Նալպանտեան

Նախորդ շաբաթավերջին, Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ երկրին 2-րդ դասուած թենիսմենը` Դաւիթ Նալպանտեան, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս շաբաթ Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»ի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումին, Արժանթինի կազմին մէջ արժանթինահայ Նալպանտեանը փոխարինողը պիտի ըլլայ Էտուարտօ Շվանք: Մնացեալ մարզիկներն են` Խուան Մարթին Տել Փոթրօ, Խուան Իկնասիօ Շելա եւ Խուան Մոնաքօ:

Նշենք, որ Ղազախստանի դէմ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին):

Share this Article
CATEGORIES