ԹԵՆԻՍ. ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՔՎԻԹՈՎԱ ԵՒ ՏԻՈՔՈՎԻՉ ՏԻՐԱՑԱՆ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Երէկ` կիրակի, 3 յուլիսին, աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչ:
Տիոքովիչ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին, երբ 6-4, 6-1, 1-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տիտղոսակիր Նատալը:
Նշենք, որ նախքան իր այս յաղթանակը, Տիոքովիչ արդէն իսկ ապահոված էր տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, որ պիտի հրապարակուի այսօր:
Նատալի դէմ Տիոքովիչի այս յաղթանակը նկատուեցաւ կարեւոր այն իմաստով նաեւ, որ 2007-էն ի վեր սպանացին խոտի վրայ իր կատարած վերջին 20 մրցումներուն պարտութիւն կրած չէր:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, անիկա աւարտեցաւ 8-րդ դասուած չեխ Փեթրա Քվիթովայի յաղթանակով. ան 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 5-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովայի:
Նշենք, որ Քվիթովա եւս առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Տղոց զոյգի աւարտական մրցումը սովորականին նման աւարտեցաւ Պոպ եւ Պրայըն ամերիկացի եղբայրներուն յաղթանակով: Անոնք յաղթեցին Ռոպըրթ Լինտսթետ (Շուէտ) – Հորիա Թեքաու (Ռումանիա) զոյգին` 6-3, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով, եւ յաջողեցան հաւասարիլ աշխարհի մրցանիշին` 11-րդ անգամ ըլլալով բարձրացնելով կրան շլեմի զոյգի տիտղոսը: