Ուրուկուէյի Խորհրդարանը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին

2804Uruguay_03Կազմակերպութեամբ Ուրուկուէյի օրէնսդիր մարմինի եւ ՀՅԴ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին` 13-րդ տարին ըլլալով Ուրուկուէյի Ծերակոյտի նախասրահին մէջ կատարուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով թէ՛ պետական, թէ՛ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան, մշակոյթի փոխնախարար փրոֆ. Օսքար Կոմեզ, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը: Առաջին խօսք առնողները եղան Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Անիպալ Պէռեյրա եւ կուսակցութիւններու պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուած են խորհրդարանին մէջ:

Բոլոր խօսք առնողներն ալ, նախ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ դատին, պատմական ակնարկ մը նետեցին 1915-ի դէպքերուն եւ անոնց պատճառած ահաւոր արդիւնքին, որուն իբրեւ զոհ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր վայրագօրէն սպանդի ենթարկուեցան թուրք պետութեան կողմէ: Անոնք կարծիք յայտնեցին նաեւ այդ օրերու հզօր պետութիւններու քաղաքական շահերուն եւ ի վնաս հայութեան իրենց ունեցած դերին մասին: Բոլոր բանախօսներն ալ շեշտեցին, որ միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ ստիպելու Թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի ոչ միայն ճանչնայ մարդկութեան դէմ իր գործադրած ոճիրը, այլ նաեւ անոր հետեւանքներուն շուրջ քայլերու դիմէ` այդպիսով ճամբայ բանալով երկու երկիրներուն միջեւ իսկական խաղաղութեան:

Ձեռնարկի աւարտին, Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց երիտասարդ տոքթ. Տանիէլ Աւետեան:

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները հովանաւորեց Ուրուկուէյահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ հիմնուած 100-ամեակի յանձնախումբը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )