ՀՅԴ Կոչ Կ՛ուղղէ Աշխուժօրէն Ներգրաւելու Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Քննարկումներուն Մէջ

2904Agvan_VardanyanՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` անդրադառնալով սահմանադրական բարեփոխումներուն, երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարութիւններու բաժինի իր խօսքին մէջ նշեց, որ խորհրդարանական համակարգին անցումը  զսպումներու եւ հակակշիռներու մեքանիզմներ կը ստեղծէ, կ՛ապակեդրոնացնէ իշխանութիւնը, գործադիրը պատասխանատուութիւն կը կրէ խորհրդարանին առջեւ, հաւաքական կառավարումը ճկուն եւ թափանցիկ կը դարձնէ պետական համակարգը: Վարդանեան ընդգծեց, որ Հանրապետութեան նախագահի ստեղծած մասնագիտական յանձնախումբը Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգ մշակած է: Ըստ անոր, փորձած են ներկայացնել ներկայիս համակարգին մէջ տեղ գտած բացերն ու թերութիւնները եւ զանոնք վերացնելու առաջարկներ ներկայացնել: Մէկ կողմէ` բարելաւել գործող կիսանախագահական համակարգը, միւս կողմէ` անցում կատարել խորհրդարանականի, որովհետեւ կիսանախագահականի պարագային կարելի  չէ բոլոր հարցերուն լուծումներ գտնել: Հայեցակարգի հիմնարար դրոյթներուն վերաբերեալ իր անձնական մօտեցումները շարադրած է հանրապետութեան նախագահը:

Վարդանեան յայտնեց, որ քաղաքական ուժերու մէկ մասը կը կարծէ, որ երկրին մէջ ընկերային-տնտեսական բազմաթիւ խնդիրներ կան, եւ սահմանադրական փոփոխութիւնները առաջնահերթութիւն չեն: Ան աւելցուց, որ անոնք կ՛առաջարկեն յետաձգել հարցը` հանգուցալուծումը ձգելով ապագայ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուելիք իշխանութիւններուն:

Վարդանեան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի մօտեցումը տարբեր է: «Մենք կը կարծենք, որ առկայ խնդիրներուն գլխաւոր պատճառներէն մէկը կիսանախագահական ձեւի` մեր իրականութեան մէջ ձեւախեղուած դրսեւորումն է, եւ պէտք է արմատական բարեփոխումով անցում կատարել խորհրդարանական կառավարման:

Մենք համոզուած ենք, որ ժողովրդավարական աւանդութիւններ չունեցող երկիրներուն մէջ իշխանութեան գերկեդրոնացումը վտանգաւոր է», նշեց Աղուան Վարդանեան:

Դաշնակցութիւնը քաղաքական ուժերուն եւ հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ` մինչեւ 1 յուլիս աշխուժօրէն ներգրաւուելու քննարկումներուն մէջ եւ ապացուցելու, որ խորհրդարանական կառավարումը, հաւասարակշռելով եւ հասարակութեան դերակատարութիւնը մեծցնելով,  իշխանութեան անընդմէջ վերարտադրութիւն թոյլ չտալու իրական կարելիութիւն է: «Միայն այդպիսի աշխուժութիւնը մասնագիտական յանձնախումբի ինը անդամներուն կը թելադրէ երկրի ապագային նկատմամբ պատասխանատու որոշում տալ:

Եթէ այնուամենայնիւ անոնք կը համաձայնին կիսանախագահականը սխալ ճամբով բարեփոխելու, 1 յուլիսէն յետոյ բոլորս միասին կրնանք մերժել ու անտեղի նկատել Սահմանադրական բարեփոխումները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES