Գալուստ Սահակեան Դարձաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ

Գալուստ Սահակեան
Հայաստանի խորհրդարանը երէկ ձայներու 101 թեր, 3 դէմ յարաբերակցութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց Գալուստ Սահակեանը:
Ուշագրաւ է, որ նախքան փակ, գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքներուն հրապարակումը, արդէն իսկ հանրապետական պատգամաւորները կը շնորհաւորէին Սահակեանը:
Քուէարկութեան մասնակցեցան նաեւ ոչ իշխանական Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց երկիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները: Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ խմբակցութեան անդամներուն ազատութիւն տրուած է քուէարկելու իրենց խիղճով:
Այսպիսով, Ազգային ժողովի նախագահ դարձաւ Գալուստ Սահակեան: Ան բազմեցաւ խորհրդարանի նախագահի աթոռին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային ժողովին, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` իր թեկնածութիւնը այդ պաշտօնին առաջադրելու համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն քուէարկող խմբակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան չմասնակցած խմբակցութիւններուն:
Հայ ազգային քոնկրեսէն քուէարկութեան մասնակցեցաւ Նիկոլ Փաշինեան, որ հակառակ պոյքոթի մասին Հայ ազգային քոնկրեսի որոշման, մասնակցեցաւ, որովհետեւ «պէտք էր դէմ քուէարկեր Գալուստ Սահակեանին»:
Սահակեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ինք պայքարող մարդ է, կը սիրէ պայքարիլ եւ համոզուած է, որ անձը ինքզինք աւելի ամուր կը զգայ` պայքարի իբրեւ արդիւնք ձեռքբերումներ ունենալով:
Գալուստ Սահակեան 66 տարեկան է, մասնագիտութեամբ` բանասէր, աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը: Աշխատանքային ասպարէզը սկսած է 1970-ականներուն` իբրեւ փականագործ Երեւանի մետաքսի գործարանին մէջ, յետոյ աշխատած է երեւանեան տարբեր դպրոցներու մէջ` իբրեւ ուսուցիչ, փոխտնօրէն եւ տնօրէն: 1990-ականներու սկիզբները Սահակեան եղած է Երեւանի Մաշտոցի Շրջանային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի նախագահի տեղակալ եւ 1995 թուականէն մինչեւ այսօր անընդմէջ ընտրուած է պատգամաւոր` Հանրապետութիւն, Միասնութիւն, Հանրապետական խմբակցութիւններու կազմին մէջ: Տարիներ շարունակ գլխաւորած է Հանրապետական խմբակցութիւնը եւ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահն է:

