Էրտողան. «Եթէ Ցեղասպանութիւն Եղած Ըլլար, Թուրքիոյ Մէջ Այժմ Հայեր Չէին Ըլլար»
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկեան «Փի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ կարելի՞ է արդեօք, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Էրտողան ըսած է. «Կարելի չէ, որովհետեւ եթէ ցեղասպանութիւն եղած ըլլար, Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը չէին ըլլար: Սակայն Թուրքիոյ մէջ հայեր կան»:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան 23 ապրիլին հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ցաւակցած էր 1915-ի ընթացքին սպաննուած հայերու ժառանգորդներուն եւ զոհերու հոգիներուն հանգստութիւն մաղթած էր:
«Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովին ընթացքին դարձեալ անդրադարձած է 1915-ի դէպքերուն եւ նշած, որ իրենք համարձակ քայլ կատարած են եւ նոյնը կ՛ակնկալեն Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ հայկական սփիւռքէն:
«Իբրեւ մեծ ցաւեր տեսած ժողովուրդ` մենք կը հասկնանք աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ապրող ազգերուն ցաւերը: Ցաւ ապրողներու զգացողութիւնները շատ լաւ գիտենք: Մենք պատրաստ ենք լուսաւորելու պատմութիւնը: Պատրաստ ենք յիշելու մեր ընդհանուր ցաւերը: Մէկ դար առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու լուսաբանումը ուզելով, ցաւերը կիսելով` նոյնը նաեւ հակառակ կողմէն կ՛ակնկալենք: Կ՛ուզենք, որ թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը, թէ՛ հայկական սփիւռքը մեր այդ համարձակ քայլը տեսնեն եւ նման համարձակութիւն ցուցաբերեն», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի խստիւ քննադատած է Էրտողանը 23 ապրիլին հրապարակած իր յայտարարութեան համար: Պահչելիի կուսակիցները անոր քննադատութիւնը ծափահարութիւններով ընդունած են:
«Ցեղասպանութեան թեզը իբրեւ զէնք օգտագործելով մեր դէմ քարոզչութիւն կատարող ո՞ր հայը թուրքերէն ներում հայցած է` մեզի պատճառած ցաւին համար: Ինչո՞ւ կարելի է Պոլսոյ մէջ «բոլորս հայ ենք» ըսել, իսկ Երեւանի մէջ «բոլորս թուրք ենք» ըսելը երազէն աւելի է», հարց տուած է Պահչելի:
Ան Էրտողանը դաւաճանութեան համար մեղադրած է:

