Ուորլիք. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ժողովուրդներուն Միջեւ Վստահութեան Մթնոլորտի Հաստատման Ուղղուած Ծրագիրներուն»

2904WarlickԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի հաստատման ուղղուած ծրագիրներուն:

Նշենք, որ ամերիկացի համանախագահը «Թուիթըր»-ի վրայ իր վերջին գրութեան մէջ նշած էր, որ մայիսին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկահայ համայնքին հետ, իսկ Հիուսթընի մէջ ազրպէյճանական համայնքին հետ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:

Share this Article
CATEGORIES