Առողջապահական. Ո՞ւր Պահուըտած Են Մանրէները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մանրէներուն դէմ պայքարելու համար պէտք է նախ եւ առաջ իմանալ, թէ ո՞ւր պահուըտած են անոնք:

Շարքը երկար է, սակայն թուենք կարեւորագոյնները:

ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ԼՈՒԱՑԱՐԱՆԸ: Ֆրանսական «Փասթէօր» հիմնարկին համաձայն, խոհանոցին լուացարանը 100 հազար անգամ աւելի վարակուած է, քան` բաղնիքի լուացարանը: Պաշտպանուելու համար պէտք է զայն լուալ տաք ջուրով, օգտագործել օճառ ջուր, օ տը ժաւել եւ այլն...

ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ԼՈՒԱՑԱՐԱՆԸ: Ֆրանսական «Փասթէօր» հիմնարկին համաձայն, խոհանոցին լուացարանը 100 հազար անգամ աւելի վարակուած է, քան` բաղնիքի լուացարանը:
Պաշտպանուելու համար պէտք է զայն լուալ տաք ջուրով, օգտագործել օճառ ջուր, օ տը ժաւել եւ այլն…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆ ԿԱՄ ՄԻՍ ԿՏՐՏԵԼՈՒ ՏԱԽՏԱԿԸ: Արիզոնայի համալսարանին մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, միս կտրտելու տախտակը 200 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքին նստարանը... Պաշտպանուելու համար պէտք է 2 տախտակ նախատեսել, մէկը` բանջարեղէններու, միւսը` մսեղէնի համար: Զանոնք պէտք է լուալ տաք ջուրով եւ օճառով, բայց նաեւ` օ տը ժաւելով:

ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆ ԿԱՄ ՄԻՍ ԿՏՐՏԵԼՈՒ ՏԱԽՏԱԿԸ: Արիզոնայի համալսարանին մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, միս կտրտելու տախտակը 200 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքին նստարանը…
Պաշտպանուելու համար պէտք է 2 տախտակ նախատեսել, մէկը` բանջարեղէններու, միւսը` մսեղէնի համար: Զանոնք պէտք է լուալ տաք ջուրով եւ օճառով, բայց նաեւ` օ տը ժաւելով:

ԱՄԱՆԵՂԷՆ ԼՈՒԱԼՈՒ ՍՊՈՒՆԳԸ: Այո, այս փոքրիկ սպունգը կը պարունակէ աւելի քան 10 հազար մանրէ, որոնք խոնաւութեան եւ ուտելիք մնացորդներու պատճառով աճելու յարմար ենթահող կը գտնեն: Սպունգը հականեխելու լաւագոյն միջոցը օրական 2 վայրկեան մանրալիքին մէջ «դարձնել»-ն է, որուն իբրեւ հետեւանք` մանրէներուն 99 առ հարիւրը կը չէզոքանայ: Թելադրելի է շաբաթական դրութեամբ սպունգը փոխարինել նորով մը:

ԱՄԱՆԵՂԷՆ ԼՈՒԱԼՈՒ ՍՊՈՒՆԳԸ: Այո, այս փոքրիկ սպունգը կը պարունակէ աւելի քան 10 հազար մանրէ, որոնք խոնաւութեան եւ ուտելիք մնացորդներու պատճառով աճելու յարմար ենթահող կը գտնեն:
Սպունգը հականեխելու լաւագոյն միջոցը օրական 2 վայրկեան մանրալիքին մէջ «դարձնել»-ն է, որուն իբրեւ հետեւանք` մանրէներուն 99 առ հարիւրը կը չէզոքանայ: Թելադրելի է շաբաթական դրութեամբ սպունգը փոխարինել նորով մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՒ ԿԱՌՔԵՐԸ: Այո, այդ կառքերը նոյնքան մանրէ կրնան պարունակել, որքան` հանրային լուացարանները: Պատճառը` մսեղէններէն հոսած արիւնը, աւազոտ կանաչեղէնները, կառքին մէջ նստած մանուկներուն շորիկները, եւ ձեռքէ ձեռք անցած բռնակները... Պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը տուն հասնելէ ետք շատ լաւ օճառուիլն է, բայց նաեւ գնումները իրենց ծրարներէն հանել, լուալ եւ նոր ծրարներով սառնարանը տեղաւորելն է:

ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՒ ԿԱՌՔԵՐԸ: Այո, այդ կառքերը նոյնքան մանրէ կրնան պարունակել, որքան` հանրային լուացարանները: Պատճառը` մսեղէններէն հոսած արիւնը, աւազոտ կանաչեղէնները, կառքին մէջ նստած մանուկներուն շորիկները, եւ ձեռքէ ձեռք անցած բռնակները…
Պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը տուն հասնելէ ետք շատ լաւ օճառուիլն է, բայց նաեւ գնումները իրենց ծրարներէն հանել, լուալ եւ նոր ծրարներով սառնարանը տեղաւորելն է:

ԱԿՌԱՅԻ ԽՈԶԱՆԱԿՆԵՐԸ: Անոնց մէջ կրնան ըլլալ ուտելիքի մնացորդներ, բայց մանաւանդ` բաղնիքին օդին մէջ տարածուած զանազան մանրէներ: Պաշտպանուելու համար նախընտրելի է, որ ակռայի խոզանակը օժտուած ըլլայ կափարիչով մը: Յանձնարարելի է զայն նորով մը փոխարինել 3 ամիսը անգամ մը:

ԱԿՌԱՅԻ ԽՈԶԱՆԱԿՆԵՐԸ: Անոնց մէջ կրնան ըլլալ ուտելիքի մնացորդներ, բայց մանաւանդ` բաղնիքին օդին մէջ տարածուած զանազան մանրէներ:
Պաշտպանուելու համար նախընտրելի է, որ ակռայի խոզանակը օժտուած ըլլայ կափարիչով մը: Յանձնարարելի է զայն նորով մը փոխարինել 3 ամիսը անգամ մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանրէներ Պահուըտած Են Նաեւ`

– Լոգարանի վարագոյրին մէջ:
– Բաղնիքի աթոռակին վրայ:
– Ընտանի անասուններուն ստեւներուն մէջ:
– Սառնարանին մէջ:
– Հանրային լուացարաններու ծորակներուն վրայ:
– Վերելակի կոճակներուն վրայ:
–  Հեռախօսի ընկալուչներուն վրայ:
– Բջիջայինի կոճակներուն վրայ:
– Ճաշարանի ճաշացուցակներուն վրայ:

Մանրէներէն խուսափում չկայ, թելադրելի է պայուսակին մէջ հեղուկ օճառ կամ հականեխուած թաց թաշկինակներ ունենալ եւ յաճախ մաքրուիլ, իսկ տան մէջ` տեւաբար օճառուիլ:

 

Այլազան

Ուտելիքներ, Որոնք Մարդս
Աւելի Երջանիկ Կը Դարձնեն

woman-eating-friesԲրիտանացի գիտնականներ եւ սննդագէտներ կատարած են հետազօտութիւն մը` պարզելու համար, թէ ո՛ր ուտելիքները մարդս աւելի երջանիկ կը դարձնեն:

– Այսպէս, 3-րդ դիրքը գրաւած են կարմիր եւ սեւ ձկնկիթները: Փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ ասիկա պայմանաւորուած է ոչ այնքան համային, որքան հոգեբանական պատճառներով: Ձկնկիթը առհասարակ կապուած է բարեկեցութեան եւ առաւելութեան զգացումներուն հետ:

– Երկրորդ դիրքը գրաւած են քաղցրաւենիքները` տուրմը եւ կարկանդակները:

– Իսկ առաջին տեղը` գետնախնձորը, անշո՛ւշտ… տապկուած: Այո՛, տապկուած գետնախնձորը այն հրաշք ուտելիքն է, որ մի՛շտ համեղ է եւ կը յառաջացնէ երջանկութեան լիարժէք զգացողութիւն:

Զարգացած Կիները Աւելի Երկար Կ՛ապրին

Ամերիկացի գիտնականներ յանգած են այն եզրակացութեան, որ կնոջ զարգացումը կ՛ազդէ անոր կեանքի տեւողութեան վրայ:

Գիտնականները հետեւելով 45-84 տարեկան 46 հազար կիներու` զանոնք բաժնած են 2 խումբի. առաջին խումբը ընդգրկած է անոնք, որոնք չեն աւարտած դպրոցը, իսկ երկրորդը` կիներ, որոնք առնուազն միջնակարգի մակարդակի ուսում ստացած են: Գիտնականներ եկած են այն եզրակացութեան, որ իգական սեռի ներկայացուցիչներէն անոնք, որոնք չունին միջնակարգ կրթութիւն, կը մահանան 66 առ հարիւրով աւելի յաճախ, քան անոնք, որոնք չեն աւարտած դպրոցը:

9 տարի տեւած ուսումնասիրութեան ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ վերոյիշեալ կիներուն ընտանեկան կարգավիճակը, զբաղումները, նիւթական վիճակը, բժշկական ապահովագրութեան առկայութիւնը, վնասակար սովորութիւնները եւ ճարպակալման մակարդակը:

Դրամական Խնդիրները Կ՛ազդեն Մարդու
Ուշիմութեան Քանորդին Վրայ

money-piggy-bank-woman«Պիսնես Ուիք» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, մարդիկ, որոնք մշտապէս կը մտածեն հաշիւներու եւ դրամի պակասի մասին, կը տառապին սթրեսէ. բայց ասիկա միակ հարցը չէ. այս մարդոց մօտ նաեւ կը նուազի ուշիմութեան քանորդի (IQ) մակարդակը:

Այսպէս, գիտնականներ երկար տարիներու վրայ կատարած են լուրջ ուսումնասիրութիւններ` դրամական դժուարութիւն չունեցող եւ եկամուտի լուրջ հարցեր ունեցող մարդոց վրայ:

Ուսումնասիրութիւնները յանգած են այն եզրակացութեան, որ առաջին խումբի մարդոց մօտ ուշիմութեան քանորդի մակարդակը 25 տոկոսով բարձրացած է, մինչ երկրորդին մօտ` 13 տոկոսով նուազած: Պատճառը պարզապէս այն է, որ մտահոգութիւնն ու սթրեսը կը խլեն մարդուս ամբողջ ուշադրութիւնը:

Ի՞Նչը Կինը Կը Ծերացնէ Տարիքէն Առաջ

fumeuse-640x370Բրիտանացի գիտնականները, բժիշկ Էնտրու Մայըրսոմի գլխաւորութեամբ, կազմած են ցանկը այն գործօններէն, որոնց պատճառով կինը իր տարիքէն 10 տարի աւելի մեծ կ՛երեւի:

Ծանօթ է բոլորիս, որ վատ սովորութիւնները կը ծերացնեն կինը, սակայն վերոյիշեալ ցանկին վրայ յստակօրէն պարզուած է, թէ ինչէ՛ն եւ որքանո՛վ կնոջ արտաքինը կը տուժէ:

Էնտրու Մայըրսոմի գլխաւորած հետազօտութեան մասնակցած են 585 կին` 35-70 տարեկան, տարբեր միջավայրերէ եկած: Մասնակիցները պատասխանած են իրենց վարած կենսակերպին առնչուող հարցումներու, որմէ ետք մասնագէտները յայտնած են, թէ ի՛նչ տարիքի տեսք ունի տուեալ կինը:

Հետազօտութեան աւարտին պարզուած է, որ ոչ միայն խմիչքն ու ծխախոտը կ՛ազդեն կնոջ արտաքինին վրայ, այլ նաեւ` սխալ սննդականոնը, արեւին անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն երկար ժամեր պարզուիլը եւ արհեստական լուսաւորութեան նիստերը:

Մայըրսոմ կ՛ընդգծէ, որ կնոջ տեսքը 50 տոկոսով կախուած է ժառանգական տուեալներէ եւ միայն 33 տոկոսով` կենսակերպէն:

 

5 Համոզիչ Պատճառներ`
Ընտանեօք Ընթրելու Համար

manger-famille-410Սերտ կապերը պահպանելու, սնունդն ու առողջութիւնը բարելաւելու լաւագոյն միջոցը ընտանեկան ընթրիքներն են: Ահաւասիկ 5 համոզիչ պատճառներ` այս սովորութիւնը որդեգրելու համար:

1

Ծանրաբեռնուած օրուան մը աւարտին, իրիկուան ընթրիքի պահը յարմարագոյն ժամն է, երբ ընտանիքին անդամները գրեթէ լրիւ կազմով կրնան խմբուիլ սեղանի մը շուրջ եւ պատմել իրենց առօրեային մասին:

Ասիկա շատ կարեւոր է նաեւ դպրոցականներուն համար:

2

Ընթրիքի սեղանին շուրջ ընտանիքի անդամներուն միջեւ երկխօսութիւնը աւելի հեզասահ կ՛ընթանայ եւ շատ մը հարցեր շուտով լուծում կը գտնեն:

3

Ընդհանրապէս տունը պատրաստուած ընթրիքը շատ աւելի առողջապահական կ՛ըլլայ, եւ դուրսերը ընթրելու ծախսը կը նուազի, բայց մանաւանդ սխալ սնուելու սովորութիւնը քիչ-քիչ կը սրբագրուի:

4

Ընթրիքի սեղանին շուրջ հաւաքուելով եւ զրուցելով` տան փոքրերն ալ նուազ հակում կ՛ունենան գիրնալու, տրուած ըլլալով, որ պատկերասփիւռին առջեւ առանձնանալով` անոնք պիտի ուտեն պատահական որեւէ բան:

5

Փոքր տարիքէն երեխաներուն հետ սեղանի շուրջ հաւաքուելով եւ զրուցելով` զանոնք կը վարժեցնենք, որ պատանի եւ չափահաս տարիքի եւս անոնք մեզի հետ երկխօսութեան կապը չխզեն:

Միւս կողմէ` ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ ընտանեկան ընթրիքները ընդհանրապէս կ՛օգնեն, որպէսզի մենք աւելի լաւ ճանչնանք մեր զաւակները, անոնց դժուարութիւնները եւ ատենին լուծենք որոշ հարցեր:

 

Խոհագիր

Տապկուած Հաւկիթ Ֆրանսական Հացի Մէջ

Baked-eggsՅաճախ կը խօսինք հաւկիթին օգտակարութեան մասին, մանաւանդ` երեխաներուն պարագային: Արձակուրդի օրերուն կամ շաբաթավերջին, երբ ձեր զաւակները առիթը ունին առտուն ուշ արթննալու եւ մարդավարի նախաճաշելու, եկէք` ուրախացուցէք զանոնք` պատրաստելով այս շատ ախորժաբեր խոհագիրով, որ թէ՛ արագ է, թէ՛ դիւրին եւ թէ՛ աժան:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ է

– 1 հաւկիթ
– Շերտ մը ֆրանսական, ճերմակ հաց
– Կտոր մը կարագ կամ բուսական իւղ` ըստ ճաշակի:
– Աղ

Պատրաստութիւն

Կրկնեփի կաղապարով մը հացին կեդրոնը սրտաձեւ բացուածք մը ըրէք:

Տապակին մէջ տաքցուցէք կարագը կամ իւղը, հացը երկու երեսով կարմրցուցէք եւ կեդրոնը կոտրեցէ՛ք հաւկիթը:

Աղեցէք եւ հրամցուցէք:

Կեդրոնի հացիկը նոյնպէս երկու երեսով կարմրցուցէք եւ վրան շերտ մը պանիր աւելցուցէք:

Ձեր զաւակները անպայմա՛ն պիտի գնահատեն այս հաճելի անակնկալը:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դէպի Կառափնարան

(Հատուած)

Սեւ ծովն էր ալեկոծ փրփրում իր ափերին,
Թմրել էր Պոլիսը փարթամ պուրակներում.
Եւ մինարէների նիրհուն կատարներին
Վերջալոյսի գունատ շողերն էին մարում:

Փռուեց ծովի վրայ ահեղ իրիկնաժամ,
Արեգակի վերջին հայեացքն այնտեղ հանգաւ,
Գողգոթայի նման` իր լռութեամբ դաժան
Կանգնել էր ափի մօտ խորհրդաւոր մի նաւ:

Կանգնել էր նա ինչպէս մռայլ մի դամբարան,
Եւ հայ մի բազմութիւն հեծում էր ծովափին,
Վերջին հըրաժեշտի հայեացքն ուղղած նրան,
Յուղարկաւորն ինչպէս` տխուր հողաթմբին:

Այնտե՜ղ էին նրանք… Այդ չարագոյժ նաւում,
Հայոց քնարների վարպետնե՛րը բոլոր,
Հայոց պայծառ մտքի աստղե՜րն էին մարում
Այդ ահաւոր ժամին խաւարի դէմ անզօր:

Նրանց տանում էին հեռու կառափնարան,
Գունատ էին նրանք: Երկու հարիւր էին,
Տաճիկ սպաների հայեացքն անասնական
Դաշոյնների նման կախուած գլուխներին:

Այնտեղ էին նրանք… Վարուժանը խոհուն,
Սիամանթոն` հայեացքն ուղղած դէպի եթեր,
Եւ ո՞վ գիտէ արդեօք, արդեօք ի՞նչ էր խորհում
Կոմիտասը` հոգում պահած բազում երգեր:

Նրանց տանում էին հեռո՜ւ կառափնարան.
Լուռ էր Վարուժանը, Սիամանթոն խոհուն,
Հայեացքն ուղղած դէպի երկինքը անսահման
Կանգնել էր Կոմիտասն ինչպէս տաճարի սիւն:

Ձուլուել էր նա կարծես կապոյտ երեկոյին,
Ծովի պաղ հովերով միրուքն ալեծածան,
Նրա շուրթերը պաղ արդէն երգում էին
Հայոց պատարագի յուզիչ «Տէր ողորմեա»-ն:

ԳԵՂԱՄ ՍԱՐԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES