Դամասկահայութիւնը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակը

Պօղոս Խաճարեան Սամիր Արպաշ Միհրան Ղազարեան
Հակառակ Դամասկոսի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակին` դամասկահայութիւնը իր պարտականութիւնը կատարելով` ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը: Արդարեւ, ապրիլ 23-ին «Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական հսկումի երեկոյ` մասնակցութեամբ ՍԵՄ «Դրօշակ» մասնաճիւղի, «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան եւ ՀՄԸՄ-ի:
Բացումը կատարեց ՀՄԸՄ շեփորախումբը: ՍԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց Լեւոն Քեշիշեան, իսկ ՀՄԸՄ-ի խօսքը` Րաֆֆի Պեքերեճեան:
Հսկումի գեղարուեստական յայտագիրին ելոյթ ունեցան` Սարգիս Պեքերեճեան, Ռիթա Մահսերեճեան եւ Սէրլի Խաճարեան` նուագով, Արթիկ Երէցեան եւ Սարին Քաթըգլեան` ասմունքներով, իսկ Դալար Ալլահվերտեան սահիկներով ներկայացուց «Սուրիացիներու կեցուածքը Ցեղասպանութեան նկատմամբ» նիւթը: Իսկ «Հայկական գաւառներու ջարդը» նիւթը սահիկներով ներկայացուցին Թամար Քիւրտեան եւ Յակոբ Քէօշկերեան: Հիւրաբար ներկայ գտնուող պաղեստինցի բանաստեղծուհի Ռաշա Քասեմ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծութեամբ:
Հսկումի բանախօսն էր Պօղոս Խաճարեան, որ համապարփակ ներկայացուց իթթիհատականներուն իրականացուցած թրքացման քաղաքականութիւնը: Խաճարեան շեշտեց, որ Հայ դատը միայն ցոյցեր կազմակերպել չէ, այլ նաեւ` Հայ դատի ծանօթացնելու աշխատանք, մանաւանդ` արաբական միջավայրին մէջ, ուր կարելի էր գիրքեր հրատարակելով մեր Դատը տարածել: Խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` անոնց յորդորեց չմոռնալ Հայ դատը եւ ըսաւ. «Հայ դատը մեր հասկացողութեան մէջ միայն ճանաչման խնդիր չէ, այլ պահանջատիրութեան խնդիր է նաեւ»:
Իսկ հինգշաբթի, ապրիլ 24-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան «Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչում:
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի ատենապետ Միհրան Ղազարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներու խնկելի յիշատակը, նաեւ` այս օրերու Սուրիոյ նահատակներուն, ապա բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ ամէնուրեք հայ ազգի զաւակները կողք կողքի, սիրտ սրտի կը յիշեն պատմութեան տխուր եւ սահմռկեցուցիչ պահերը: Ղազարեան խօսքը աւարտեց` շեշտելով, որ` «Ապրիլ 24-ը հրաւէր մը չէ լոկ` ամուլ լացի ու կոծի, անէծքի կամ աղօթքի, ապրիլ 24-ը հրաւէր է, հրաման է, կոչ է, պահանջ է ամէնէն ազնուական վրէժի»:
Օրուան բանախօս, լրագրող Սամիր Արպաշ անդրադարձաւ իր վերջին գիրքին մասին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, մանրամասնելով գիրքի բովանդակութիւնը, որ կը պարփակէ Ցեղասպանութեան հանգրուանները, թուրքերու իրականացուցած ոճիրները եւ Սուրիոյ մէջ հայերու ներկայութեան մասին տուեալներ:
Սուրիոյ երիտասարդաց միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին խօսքը կարդաց Թամար Քիւրտեան, որ հաստատեց, թէ ՍԵՄ-ի երիտասարդները, միասնական ու վճռական կամքով ընձեռած բոլոր միջոցները օգտագործելով` պիտի դիմաւորեն մեր նահատակներուն խնկելի յիշատակի հարիւրամեակը, պահանջելով Թուրքիայէն ճանչնալու իրենց ժառանգած ու ճիտի պարտք Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալու հայ ժողովուրդին, նշելով, որ` «որպէս Սուրիոյ երիտասարդական միութեան անդամներ` կը պահանջենք այն հողերը, որոնք ցեղասպանութեամբ բռնագրաւուած են եւ կը սպասեն հարազատ ժողովուրդի վերադարձին»:
Օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Նորա Արիսեան, որ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ հայկական կողմին գործունէութիւնը աւելի աշխուժ է, եւ Հայ դատի կառոյցները զանազան ուղղութիւններով կ՛աշխատին: Արիսեան շեշտեց, որ 2015 թուականը պիտի դառնայ հայերու իրաւունքներու եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման տարի` կոչ ուղղելով դամասկահայութեան պատրաստուիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին աշխատանքներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրին ելոյթ ունեցան Նորա Խաճարեան «Վրիժառուն»` Արսէն Երկաթ եւ Սարին Քաթըգլեան «24 ապրիլ` Ցեղասպանութիւն» ասմունքներով:

