Քանատա. Հակառակ Թրքական Հակացոյցին` 2000 Հայորդիներ Պահանջատիրութեան Իրենց Ձայնը Բարձրացուցին Օթթաուայի Թրքական Դեսպանատան Դիմաց

2404Ottawa1Ապրիլ 24-ին Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:

Քանատայի  Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաք-քայլարշաւը այս տարի կը կրէր տարբեր բնոյթ: Արդարեւ, Օթթաուայի ոստիկանութիւնը այս տարի թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Քանատայի խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ հայ համայնքը կը կատարէ Մեծ եղեռնի ոգեկոչման տարեկան աւանդական արարողութիւնը:

Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:

Քանատահայոց թեմի առաջնորդ Նաթան արք. Յովհաննիսեան հաւաքին բացումը կատարեց` յորդորելով ներկայ հայորդիները տէր կանգնելու իրենց ուխտին: Ապա ներկաները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը:

Օրուան հանդիսավար Նորա Արուշեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա  ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը: Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա մեծ դերակատարութիւն ունէր մէկ ամիս առաջ տեղի ունեցած Քեսապի դէպքերուն մէջ:

Խօսք առաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, որ յիշեցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան կողքին, օսմանեան Թուրքիոյ պետութիւնը ծրագրած եւ գործադրած է ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու ջարդերը: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ Անգարա կ՛առաջարկէ 1915-ի Եղեռնը քննարկող պատմաբաններու յանձնախումբ յառաջացնել, երբ Ինթըրնէշընըլ Էսոշիէյշըն աֆ Ճենոսայտ Սքոլարզի նման համաշխարհային հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մը արդէն իսկ հաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Քանատայի պատկան իշխանութիւններուն, որոնք Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ յատուկ տեղ տրամադրեցին Հայոց ցեղասպանութեան:

Պահպանողական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ռոյալ Կալիփօ, որ թուրք ցուցարարներուն ակնարկելով` յայտնեց, թէ այս տարի հայ ցուցարարները «զօրակից»-ներու բանակ մը ունին: Ան կարդաց ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի ուղերձը, որով նախարարը կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ թրքական պետութեան կողմէ այդ արարքի պատասխանատուութիւնը ստանձնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Ազատական կուսակցութեան անդամ, 25 տարի Քանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ  Ճիմ Քարիճիանիս ներկաներուն յիշեցուց, որ 20-րդ դարու սկիզբը թուրքերու կողմէ գործադրուած հայկական ու պոնտական ցեղասպանութիւններուն պատճառով է, որ այսօր Տարֆուրի մէջ կամ այլուր կը շարունակուին ցեղասպանական արարքները: Ան խօսքը ուղղելով թուրք ցուցարարներուն` «ամօթ» ըսաւ անոնց, որոնք իրենց այդ արարքով վերստին կ՛ուրանան հայերու, պոնտացի յոյներու եւ այլ ազգերու դէմ գործադրուած թրքական պետական ոճիրները:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կատարած յայտարարութեան` յայտնելով, որ թուրք ղեկավարին կատարածը ուրացման քողարկուած մէկ տարբերակն է, որ կը միտի շփոթի մատնել միջազգային հանրութիւնն ու քաղաքական շրջանակները:

Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան կոչ ուղղեց հայորդիներուն` զգօն ըլլալու, վստահեցնելով, որ թուրք ցուցարարներուն կատարածը պարզապէս ուրացման յուսահատական ճիգ մըն է: Հայ դատի երկարամեայ պաշտպան, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի նախկին նախագահ Տէյվիտ Ուորնըր խօսքը ուղղելով թուրք ցուցարարներուն` յայտարարեց, թէ հակառակ թրքական փորձերուն Օթթաուայի մէջ կայացող աւանդական ոգեկոչման հանդիսութիւնը ձախողութեան մատնելու` քանատահայութիւնը կուռ շարքերով պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութեան ու արդար Դատի իրագործման յաղթարշաւը: Խաժակ արք. Յակոբեան իր գօտեպնդիչ պատգամով կոչ ուղղեց յառաջիկայ տարիներուն աւելի ստուար շարքերով ներկայ ըլլալ Օթթաուայի հանդիսութիւններուն:

2404OttawaԽորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք 2000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 300 թուրք ցուցարարները հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկանական ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Թրքական դրօշներու կողքին պարզուած էին Ազրպէյճանի եւ Չինաստանի թրքացեղ ույղուրներու դրօշները: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց արարողութիւնը` հեգնանքով դիմաւորելով թուրք ցուցարարներու գրգռիչ բացագանչութիւնները: Բողոքի ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, երգով եւ ասմունքով տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին փոխանցուեցան նաեւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան խօսքերը, որոնց մէջ կը հաստատուէր պահանջատիրական երթը շարունակելու  նոր սերունդին վճռակամութիւնը:

Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան անդամները, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք առաջնորդ սրբազան Նաթան արք. Յովհաննիսեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ եղեռնի 99-ամեակը:

Քանատական հեռատեսիլի շարք մը կայաններ եւ օրաթերթեր անդրադարձան Օթթաուայի թրքական դեսպանատան դիմաց կայացած բողոքի ցոյցին:

Share this Article
CATEGORIES