Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի
Յիշատակում Եւ Բողոքի Ցոյցեր
Սփիւռքի Տարածքին

Հոլանտա

2404HollandԿազմակերպութեամբ Ալմելոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբին, Հոլանտայի Ալմելօ հայաշատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը ոգեկոչող ձեռնարկը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը անմահացնող յուշակոթողին:

Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան կարդաց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին պատգամը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ներկայացուցիչը կարդաց քաղաքապետին պատգամը, իսկ Արշակ եպս. Խաչատրեան փոխանցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին օրհնութիւնը:

 

Ռումանիա

Ապրիլ 23-ին Ռումանիոյ խորհրդարանի պալատներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններով  հանդէս եկան Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան եւ Պատգամաւորներու պալատի անդամ, ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար Վարուժան Փամպուքճեան, որ  կոչ ուղղեց 100-ամեակի սեմին համատեղել ջանքերը Թուրքիոյ ժխտողականութեան կեցուածքէն դուրս բերելու համար:

2404RomaniaՌումանիոյ TVR1 հեռատեսիլի կայանը ապրիլի 24-ի երեկոյեան ուղիղ սփռումով մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ յայտագիր ներկայացուց` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան: Վարուժան Ոսկանեան երախտագիտութիւն յայտնեց գաղթական հայերու նկատմամբ Ռումանիոյ կառավարութեան մարդասիրական վերաբերմունքին համար` միաժամանակ նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ներկայիս բացակայ է ռումանական քաղաքական օրակարգէն:

Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ցոյց տեղի ունեցաւ Պուքրէշի Յեղափոխութեան հրապարակին վրայ, ուր խօսք առին Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Պատգամաւորներու պալատի անդամ, ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար Վարուժան Փամպուքճեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Ռումանիոյ յունական միութեան պատգամաւոր Տրակոշ Կապրիէլ Զիսոփոլ եւ գրող Վարդան Առաքելեան: Նոյն օրը առաւօտեան Պուքրէշի Ս. Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ  հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն աւարտին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշարձանին դիմաց:

Եղեռնի 99-րդ տարելիցը նշուեցաւ նաեւ Ռումանիոյ հայաբնակ միւս քաղաքներուն մէջ:

 

Ժընեւ

2404GenevaԱպրիլ 24-ին Ժընեւի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որուն յաջորդեց մոմավառութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքար-յուշակոթողին եւ Ժընեւի մէջ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի հեղինակ Ժան Քլոտ Վուտրոյի յուշաքարին մօտ:

Ելոյթ ունեցան թեմի առաջնորդ Գուսան վրդ. Ալճանեան եւ Ժընեւի Հայկական միութեան նախագահ Նժդեհ Խաչատուրեան: Հայաստանի դեսպանորդ Սաթենիկ Աբգարեան փոխանցեց  Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրին ուղերձը, որուն մէջ նշուած էր, որ Ցեղասպանութենէն 99 տարի ետք անգամ չկայ արդարութիւն, ճանաչում եւ իրաւունքներու վերադարձ. ապա տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնը:

Ապրիլ 24-ին Ժընեւի հանրային պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան թեմային` ներկայացնելով 1915-ի իրադարձութիւնները, նաեւ` դեսպան Ազնաւուրի եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու եւ հայ երիտասարդութեան հետ հարցազրոյցները:

 

Փարիզ

2404parisՆախաձեռնութեամբ Փարիզի նորընտիր քաղաքապետ Անն Իտալկոյի, 24 ապրիլին Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած աւանդական ձեռնարկը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քաղաքապետ Անն Իտալկոն, որ ընդգծեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջագիծէն ներս մայրաքաղաքի իշխանութիւններուն կողմէ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին:

Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահներ Ֆրանք Փափազեան եւ Արա Թորանեան, որոնք ընդգծեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ժխտողական կեցուածքին անարդիւնաւէտ ըլլալը:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հաւատարմութիւնը, մարդու եւ ժողովուրդներու համընդհանուր իրաւունքներու եւ արժէքներու նուիրուածութիւնը Ֆրանսայի մեծութեան վկայութիւններն են:

 

Սթրազպուրկ

2404strasbourgԱպրիլ 24-ին Սթրազպուրկի Հանրապետութեան հրապարակի «Մեր զոհերը» յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հաւաք:

Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը` կոչ ուղղելով համախմբուելու հետեւողական ազգային նպատակներու իրագործման համար:

Ելոյթ ունեցան նաեւ «Էլզաս-Հայաստան բարեկամութիւն» բարեգործական ընկերութեան նախագահ Փիեռ Զուլումեան, Սթրազպուրկի փոխքաղաքապետը, հրէական, քրտական եւ ռուանտական կառոյցներու ներկայացուցիչները:

Փոխքաղաքապետ Նաւել Ռաֆիկ-Էլմրինի իր խօսքին մէջ նշեց, որ դեսպան Պապիկեանի միջնորդութեամբ Սթրազպուրկի քաղաքային իշխանութիւնները ընդունած են Սթրազպուրկի մէջ հայկական խաչքար տեղադրելու խնդրանքը:

Հանրապետութեան հրապարակէն հաւաքի մասնակիցները քալեցին դէպի Սթրազպուրկի Ս. Մատլեն եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

 

Լիթվիա

2404LithuaniaԱպրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը սկսաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին դիմաց  ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութեամբ:

Այնուհետեւ Լիթվիոյ Ցեղասպանութեան եւ դիմադրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի լիթվերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը: Ելոյթ ունեցաւ դեսպան Արա Այվազեան, Լիթվիոյ Սէյմասի (խորհրդարան) անդամ, Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան խումբի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Փովիլաս Ուրպշիս, գրող Վահագն Գրիգորեան, գրող հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Մարիթէ Քոնթրիմայթէ, Լիթվիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու խորհուրդի փոխնախագահ Ռուսլան Յարութիւնեան եւ «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի լիթվերէնի թարգմանիչ Լէոնաս Փեթրաւիչիւս:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով Վիլնիւսի Ս. Պօղոս Պետրոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ համատեղ մատուցուեցաւ պատարագ:

 

Նորվեկիա

2404NorwayԱպրիլ 24-ին Օսլոյի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ֆրիտիոֆ Նանսենի շիրմաքարին վրայ, որմէ ետք Սնարոյա եկեղեցւոյ մէջ բացման խօսքով հանդէս եկան Նորվեկիոյ Հայ մշակութային միութեան խորհուրդի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան եւ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մերժողականութեան, ներկայացուց  փաստեր եւ անգամ մը եւս կարեւոր նկատեց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:

«Օսմանեան հանդուրժողականութեան առասպելը եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները» թեմայով զեկուցեց «Սիվիթա» քաղաքական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի փորձագէտ, պատմաբան Պորտ Լարսեն:

Տեղի ունեցաւ նաեւ դանիացի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Մաթիաս Փիոռնլունտի «Հայոց ցեղասպանութիւնը. սկիզբէն մինչեւ վերջ» գիրքին շնորհահանդէսը:

Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցական խորհուրդի անդամ Նարինէ Յարութիւնեան:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Քոփենհակըն

2404copenhagenՀայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին մօտ, ուր տեղի ունեցաւ  ծաղկեպսակներու զետեղում եւ մոմավառութիւն:

Դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեանի անունով ելոյթ ունեցաւ դեսպանութեան խորհրդական Լիլիթ Սարգսեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ Ժոզեֆ Պեդոյեան, Երեւանէն «Հանս Քրիստիան Կոֆոէդ» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ձոնիկ Մարգարեան, «ԴանԱրմեն» հայ-դանիական միութեան փոխնախագահ Աննա Կարապետեանը, դանիացի պատմաբան, լրագրող Տենիզ Սերինչի:

 

Հռոմ

2404romeԱպրիլի 24-ին Հռոմի Ս. Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ: Աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Սուրբ Աթոռին անունով ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:

Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց պատմական յիշողութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի արդիականութիւնը:

Ապա Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:

Ապրիլի 24-ին Իտալիոյ ծերակոյտի լիագումար նիստի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Էմիլիա Տէ Պիազի, որ կարեւոր նկատեց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարը` զայն որակելով որպէս համամարդկային հիմնարար արժէք:

 

Ուրուկուէյ

2404urugway* Հայոց  ցեղասպանութեան  ոգեկոչման  ձեռնարկներու ծիրէն ներս գաղութի երիտասարդական  միաւորները կազմակերպեցին, արդէն աւանդութիւն դարձած, «ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ջահերով երթ:

Մայրաքաղաքի Անկախութեան հրապարակէն մինչեւ քաղաքապետարանի շրջափակը, աւելի քան չորս քմ. երթը անցաւ գլխաւոր պողոտայէն` ժամանակի մը համար կասեցնելով երթեւեկութիւնը:

Լայն պաստառներ եւ հայկական ու տեղական  դրօշներ  պարզած հարիւրաւոր հայորդիներ մեծ  ուշադրութեան  առարկայ դարձան, որոնց  հետ  այս տարի մասնակցեցան նաեւ հրեայ համայնքի եւ բնիկ հնդիկներու ժառանգներ, պետական ներկայացուցիչներ եւ առհասարակ ուրուկուէյցի քաղաքացիներ:

Երիտասարդ մը կոչով ելոյթ ունեցաւ` շեշտելով, որ մեր պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական հատուցում եւ մեր պապենական հողերու վերադարձ իրենց իրաւական տիրոջ` հայ ժողովուրդին:

Աւարտին, տպաւորիչ եւ յուզիչ էր, երբ Համազգայինի «Շիրազ» եւ Հայ կեդրոնի «Գայեանէ» պարախումբերու տղաքն ու աղջիկները հայկական քոչարի պարի հնչիւններու տակ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին:

* Մշակութային նախարարութեան սրահին մէջ ապրիլ 24-ի օրը, պետական եւ տեղացի հասարակական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ գաղութի կարգ մը անդամներու դիմաց մշակոյթի փոխ նախարար փրոֆ. Օսքար Կոմեզ յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնադրամ ստեղծելու մասին, որ արդէն նախապէս համաձայնեցուած էր Ուրուկուէյի Հայ գաղութի միացեալ յանձնախումբին հետ, այս վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին: Փրոֆ. Կոմեզ մանրամասնօրէն ներկայացնելէ ետք մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքը` ըսաւ, թէ թանգարանի վերաբերեալ գործունէութիւնը արդէն նոր փուլ կը մտնէ, եւ յոյս յայտնեց, որ մինչեւ 100-ամեակի ապրիլ 24 հիմնաքարը կը զետեղուի:

 

Share this Article
CATEGORIES